ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ մամլոյ դիւանի լրագրողը դիմեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի նամակին հարցով.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մօտ չորս շաբաթ առաջ հրապարակուեցաւ ՓՔՔի (Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն) առաջնորդ Ապտուլլահ Օճալանի նամակը՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին առիթով. անիկա նախ հրատարակուեցաւ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթին մէջ: ՀՅԴն ցարդ պաշտօնապէս չարձագանգեց այդ նամակին. այս նամակին մասին ի՞նչ է կուսակցութեան կեցուածքը:
Յ.Տ.Խ.- Նախ ըսեմ, որ Օճալանի նամակը նախատեսուածէն ուշ հրապարակուեցաւ, ենթադրաբար՝ որովհետեւ պէտք է անցնէր թրքական համապատասխան կառոյցներու բովէն: Հրապարակումէն շուրջ քսան օր առաջ, Օճալան «մինչեւ Հրանդի սպանութեան տարելիցի օրը», այսինքն՝ Յունուար 19, «մեր հայ հայրենակիցներուն ուղղուած» նման նամակ մը գրելու մասին արդէն հրապարակում կատարած էր: Ճիշդ այն օրերուն էր, երբ Օճալանի գլխաւորած մէկ կազմակերպութեան՝ Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան (KCK), համանախագահ Պեսէ Հոզաթ խնդրայարոյց յայտարարութիւն կատարած էր հայութեան մասին: Օճալան, արձագանգելով Հոզաթի ըսածներուն նկատմամբ ստեղծուած ընդվզումին՝ ըսած էր, թէ հայերը համոզելու համար պիտի գրէ իր նամակը: Օճալանի նամակը, սակայն, յստակ կերպով անհրաժեշտ սրբագրութիւնը չի կատարեր:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այսինքն՝ դժգո՞հ էք նամակէն:
Յ.Տ.Խ.- Ողջունելի է այն փաստը, որ քիւրտ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի բանտարկուած առաջնորդը՝ Աբօն, հայութեան ուղղուած նամակ գրած է: Պէտք է անպայման նկատի ունենալ այդ հանգամանքները, իր բառերով՝ «դժուար պայմաններ»ը, որոնց մէջ կը գտնուի Օճալանը, եւ նամակին բովանդակութիւնը ըստ այդմ պէտք է հասկնալ, արժեւորել: Ուրախ ենք, որ Օճալան անգամ մը եւս Հայոց Ցեղասպանութեան ճիշդ բնորոշումը կու տայ եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան համար այս ցաւոտ պատմութեան հետ առերեսումը անխուսափելի կը նկատէ:
Ինչ որ անհասկնալի է Օճալանի նամակին մէջ, յղումներն են «լոպիներու» եւ «համայնքանման կառոյցներու»: Հայութեան ուղղուած նամակի մը մէջ այս յղումները առնուազն շփոթ կը ստեղծեն՝ արդեօք խօսքը Սփիւռքի հայկական համայնքային կառոյցներու եւ լոպիներու մասի՞ն է: Մանաւանդ՝ երբ Օճալան հայ ժողովուրդին կ՛առաջարկէ «առանց ցեղապաշտ-ազգայնական թակարդներու մէջ իյնալու՝ շարունակէ իր պայքարը» եւ այդ բոլորին «դէմ զգուշութեան, յստակ դիտարկումով մը խնդիրը քննարկելու» կը հրաւիրէ: Սփիւռքի թէ Թուրքիոյ մէջ հայկական լոպիներու մասին բացասական արտայայտութիւն կար նաեւ Հոզաթի ըսածին մէջ, եւ ըսած ըլլալու վերագրում՝ մօտ մէկ տարի առաջ, նոյնինքն Օճալանին: Սփիւռքի մէջ «հայկական լոպի» կոչուածը հայութեան ժողովրդային լայն խաւերու կամքը արտայայտող գործունեայ կառոյցներն են:
Չեմ անդրադառնար նաեւ նամակին մէջ արտայայտուած կամ չարտայայտուած միտքերու արժեւորումներուն եւ քննադատութիւններուն, որոնք տեղ գտան հայկական լրատուամիջոցներու մէջ: Այս բոլորէն անկախ, մենք, մեղմ ըսած՝ խիստ վերապահ ենք Աբոյի ակնարկած Թուրքիոյ հեռանկարին նկատմամբ, թէ՝ անիկա կրնայ ըլլալ «ժողովրդավարութեամբ պսակադրուած հանրապետութիւն մը, որ պիտի յաջողի թէ՛ անցեալին հետ հաշտուիլ եւ թէ բոլոր տարբեր ինքնութիւններուն ազատապէս ապրած հանրապետութիւն մը դառնալ»:
Յամենայնդէպս, կը կրկնեմ, որ այս կոչը ինքնին՝ որքա՛ն ալ պակասաւոր կամ նոյնիսկ հակասական միտքերով խճողուած, ողջունելի է որպէս քայլ մը, որ կրնայ ճամբայ հարթել հայ-քիւրտ յարաբերութիւններու զարգացման: Այդ յարաբերութիւնները անշուշտ պէտք է խարսխուին նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ հայութեան իրաւունքներուն նկատմամբ արդարութեան վրայ՝ որպէս գրաւականը իսկական ժողովրդավարութեան եւ համահաւասար իրաւունքներու հաստատման: