
Թատերագիր եւ բեմադրիչ Արամ Գույումճեան հիմնադիրն է եւ գեղարուեստական ղեկավարը Լոս Անճելըսի «Գառնի» թատերախումբին: Ան ծանօթ անուն է ամերիկեան թատերական աշխարհին՝ իր բեմադրած գործերով եւ ստացած պարգեւներով: Սաքրամենթոյի մէջ իր արձանագրած յաջողութիւններուն կողքին, Գույումճեան աւելի քան վեց տարբեր քաղաքներու մէջ ներկայացուցած է շարք մը թատրերգութիւններ, ինչպէս՝ «Arcadia», «The Delicate Lines», «Far Away», «Marvin՛s Room», «The Play About the Baby», եւ «Six Degrees of Separation»: Ասպարէզով փաստաբան, Գույումճեան ներկայիս կ՛ապրի եւ կը գործէ Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինին մէջ պարբերաբար կը ստորագրէ բեմական արուեստի ու մշակոյթի վերաբերեալ ակնարկներ եւ քննադատական յօդուածներ:
Գույումճեան արժանացած է ամերիկեան «Էլի» (Elly) «Լաւագոյն բեմադրի»չի մրցանակին՝ «Three Hotels» թատրերգութեան եւ «Լաւագոյն բեմագիր»ի մրցանակին՝ «The Farewells» գործին համար:
Առաջին անգամ ըլլալով, Մարտ 7էն սկսեալ եւ երեք շաբաթավերջերու ընթացքին, Գույումճեան լոսանճելըսահայութեան կը ներկայանայ հայերէն թատերգութեամբ մը՝ բեմ բարձրացնելով Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» հանրածանօթ գործը, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան: «Գառնի» թատրոնի բեմադրիչը սակայն «շեղում» կատարած է «Հին Աստուածներ» գործի աւանդական ըմբռնումէն եւ անոր տուած նոր՝ ի՛ր մեկնաբանութիւնը, որով գործը արուեստասէր հանրութեան կը ներկայացնէ ո՛չ թէ մեծաթիւ դերասաններով, այլ՝ մենաթատրոնի պատշաճեցումով: Մենախօսութիւն մը, որուն միայնակ դերասանն է Արամ Մուրատեան:
«Հին Աստուածներ» մենաթատրոնի բեմայարդարումը եւ զգեստներու ձեւաւորումը ստա-նձնած է Մարօ Բարեան, լոյսերու յարդարումը՝ Հենրիկ Մանսուրեան, յատուկ երաժշտութեան յօրինումը՝ Արա Տապանճեան, բեմավարութիւնը՝ Արմինէ Յովհաննէսեան:
Այս առիթով, թատերագիր-բեմադրիչ Արամ Գույումճեանի հետ կատարեցինք շահեկան զրոյց մը, որուն կարեւոր բաժինները կը ներկայացնենք ստորեւ.
ԻՆՉՈ՞Ւ «ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ» ՄԵՆԱԹԱՏՐՈՆԸ
Նպատակը՝ ճանչցուած գործի մը հանդէպ նոր մօտեցում ունենալ էր, զայն նոր աչքով դիտել, գործը նոր տեսանկիւնէ վերամեկնաբանել, վերաերեւակայել: Առաւելաբար զիս կը հետաքրէր կեդրոնական տիպարի՝ Աբեղայի անկիւնէն պատմել այս բոլորը, այլ ոչ թէ բոլոր կերպարները վերարտադրել: Նաեւ մեկնած եմ անհրաժեշտութենէ մը, ի հարկէ, քանի որ Լոս Անճելըսի մէջ ներկայ դարուս շատ դժուար է բազմամարդ թատրոն իրականացնել, այսինքն՝ գտնել այնպիսի անձեր, որոնք ոչ միայն ունենան բեմական ձիրք ու կարողութիւն, այլեւ հայերէնի տիրապետած ըլլան այնքան, որ կրնան «Հին Աստուածներ» խաղալ: Հիմնական այս կէտերը նկատի առած, որոշեցի մենաթատրոնի վերածել գործը եւ, հետեւաբար, վերագրել զայն, մանաւանդ որ ծանօթ էի հայրենի երիտասարդ դերասան Արամ Մուրատեանին, որ կ՛ապրի Լոս Անճելըս, իսկ ես միշտ ուզած էի հետը աշխատիլ: Պարզ է, որ զինք ի մտի ունենալով է, որ ձեռնարկեցի այս մենաթատրոնին:
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱ-ԳՐՈՒԵՑԱՒ
ԱՅՍ ՄԵՆԱԹԱՏՐՈՆԸ
Դիմեցի առաջին դէմքի օգտագործման: Դերասանն է, որ իր խաղարկութեամբ պիտի վերարտադրէ բեմին վրայ պատմութեան հիմնական անցուդարձերը, խաղայ այնպէս, որ հանդիսատեսը ընկալէ պատմութիւնը միայնակ դերասանի մը վարպետ խաղարկութեամբ: Դժուարութիւնը՞. Ահագին կերպարներով գործ մը իր միջուկային էութեան հարազատ պահելով հանդերձ, միայնակ դերասանի խաղարկութեան վերածելն էր, այսինքն՝ կենսական ըսելիքին, կորիզին վրայ կեդրոնանալով, վերարտադրել հիմնական բախումը, հոգեբանական այն բախումը, որ Աբեղայի մօտ կը պատահի, երբ կը հանդիպի Սեդային: Վերա-գրելով «Հին Աստուածներ»ը՝ ես հասած եղայ Շանթի մտածումներու կիզակէտին եւ թատրերգութենէն զեղչեցի երկրորդական կերպարներն ու տեսարանները, որպէսզի գործը հնչէ ժամանակակից ընկալումով: Իրականութեան մէջ, հանդիսատեսը իրազեկ պիտի դառնայ եւ հաւատայ միայնակ դերասանի մը պատմութեան այնպէս, ինչպէս մարդու մը, որ կրնայ պատմել իր կեանքին մէկ կարեւոր պատահարը եւ այդ պահուն, այնպէս վերապրի այդ դէպքը, որ ոչ միայն իր ջղային, ուրախ, յուսահատ, թէ խանդավառ տրամադրութեամբ վարակէ զինք լսողը կամ դիտողը, այլեւ զայն մասնակից դարձնէ իր խաղին ու հոգեբանական վերիվայրումներուն:
ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԻՒՆ՝
ԱՒԱՆԴԱԿԱՆԸ ՆՈՐՈՎԻ
ՇՆՉԱՒՈՐԵԼՈՒ
Աւանդական թատրոնի մը նոր մեկնաբանում տալը բաւական յանդուգն քայլ է, գուցէ երբեմն ալ վտանգաւոր, քանի որ գործին ծանօթ մարդիկ որոշ ակնկալութեամբ մը պիտի գան եւ դիտեն իմ բեմադրութիւնս, ուր հաւանաբար չգտնեն իրենց ուզածը: Բայց եւ այնպէս կը հաւատամ, որ կարեւոր է աւանդական գրականութեան ու թատրոնին մօտենալ նոր շնչառութիւն տալու տրամադրութեամբ, քանի որ չենք կրնար հարիւր տարի ետք ալ նոյն մեկնաբանութեամբ ու ոճով բեմադրել նմանօրինակ գործեր: Ինչպէս որ Շէյքսփիրի թատրոնները տարբեր ժամանակներու մէջ կ՛արժանանան զանազան մեկնաբանութիւններու եւ կը բեմադրուին տարբեր մօտեցումներով, այնպէս ալ մենք պէտք է նոր յղացքներով բեմ հանենք մեր դասական գործերը՝ Շանթի, Պարոնեանի եւ այլ թատերագիրներու ստեղծագործութիւնները եւ ժամանակակից հնչեղութեամբ զանոնք հասցնենք մեր օրերուն, հասցնենք մեր դարու հանդիսատեսին: Աւելի յստակացնելու համար միտքս ըսեմ, որ օրինակ, մենաթատրոնիս մէջ կան միգանուշներու, ծովափի եւ այլ տեսարաններ, որոնց համար օգտագործած եմ արդի բեմադրութեան սկզբունքները եւ ժամանակակից բեմի արհեստագիտական կարելիութիւնները: Եւ այս բոլորը պիտի նպաստեն, որ հանդիսատեսը լաւապէս հաղորդ դառնայ իր խուցին մէջ փակուած Աբեղայի խօսքերուն, հոգեվիճակներուն, թէ պատմութեան դիպաշարին:
ՇԱՆԹ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐԷՆ
ՄԻՆՉԵՒ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
ՎԵՐԱ-ԳՐՈՂ ԲԵՄԱԴՐԻՉԸ
Շանթի ներկայացուցած բուն պայքարը՝ հոգեկանի ու մարմնայինի, կիրքի ու մտածողութեան, հաւատքի ու կենսասիրութեան, կը կազմէ հիմնական առանցքը այս մենաթատրոնին: Ես առաւելաբար հակած եմ մարդու մէջ ա՛յս բախումը ներկայացնելու գաղափարին վրայ, մանաւանդ որ այս գործը ունի տրամաթիք շունչ ու մթնոլորտ, միտքի ու հոգիի բախումը ազնուական ոճով ներկայացնելու յղացք՝ արուեստի տարրերով յագեցած:
Ինչ կը վերաբերի Վանահօր եւ Իշխանուհիին սիրոյ պատմութեան, այդ ալ նկատի առած եմ իբրեւ անցեալի, աւանդական կեանքի հենք, ուր կիրքը աւելի զուսպ է եւ տեղի տուած է միտքի գործօնին, մինչ Աբեղային սէրը Սեդային հանդէպ աւելի անմիջական է, զգալի եւ տեսանելի: Զուգահեռ մը գծելով հանդերձ երկու զոյգերուն՝ Վանահայր-Իշխանուհի եւ Աբեղա-Սեդայի միջեւ, գծած եմ նաեւ գոյութիւն ունեցող հակադրութիւնը զոյգերուն միջեւ՝ առաջնահերթութիւնը տալով երիտասարդ զոյգին, ուր կիրքն ու ֆիզիքական ցանկութիւնը, անվախ եւ յանդուգն ըլլալու ինքնաթելադրանքը, կենսալից ապրելու ներքին մղումը աւելի մարդկային կը դարձնեն Աբեղան, երբ անմարդաբնակ կղզիի մը վրայ կը յայտնուի Սեդան, եւ երիտասարդ հոգեւորականին արիւնը կը սկսի եռալու: Այդ վայրկեանէն սկսեալ ան նոյնը չի կրնար մնալ: Հոս է որ կը սկսի հոգեբանական բախումը՝ գոյութեան, կեանքի խաղը: Ինչպէ՞ս կարելի է հաշտեցնել վերացական գաղափարի մը բագինին մարդկային ամբողջ կեանք մը նուիրաբերելու, ինքնամոռացման ձգտող Վանահօր աւանդապահ մտային ուժը՝ Աբեղայի կենսասիրութեան հետ: Իմ մեկնաբանութեամբ ա՛յս է «Հին Աստուածներ»ուն էական առ-անցքը, որուն հիման վրայ է, որ գործը կը բեմադրեմ իբրեւ մենախօսութիւն:
ՍԻՐՈՅ ԳԱՂԱՓԱՐԸ՝ ID,
EGO, SUPER-EGO
Սիրոյ գաղափարին մօտեցած եմ իբրեւ երրորդութիւն: Մենաթատրոնին մէջ սէրը ի յայտ կու գայ երրորդութեան՝ Վանահայր, Աբեղա, Սեդա տեսքով: Առաջին մակարդակը քրիստոնէական հասկացողութեամբ երրորդութիւնն է՝ Հայր, Որդի, Սուրբ Հոգի, երկրորդ մակարդակը հոգեբանական երրորդութիւնն է, օրինակ՝ Ֆրոյտի «id, ego, super-ego» («այն, ես, գեր-ես») հասկացողութեամբ. հոս «այն»ը Սեդան է՝ իբրեւ հոգեկան ցանկութիւններու եւ կիրքի ներկայացուցիչ: «Ես»ը՝ Աբեղան, որ մարդկային կերպար է, մարդը՝ ընդհանուր առմամբ, իսկ «գեր-ես»ը՝ Վանահայրը, որ զսպուածութեան եւ մտքի զօրութեան ներկայացուցիչն է: Պարզ է, որ այս երեք կերպարներու յարաբերութեանց մէջ է, որ կը դրսեւորուին սիրոյ զանազան երեսները:
Մեր զրոյցի աւարտին երիտասարդ թատերագիր-բեմադրիչը մտերմաբար նշեց, որ «Հին Աստուածներ» մենաթատրոնը իր այլընտրանքն է ի դիմաց այն աժան զաւեշտներուն եւ անորակ թատերախաղերուն, որոնք յաճախ կը գրաւեն բեմը: Այս առումով, ան ողջունեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անցնող տարուան նախաձեռնութիւնը՝ Հայաստանէն Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբը Լոս Անճելըս հրաւիրելու եւ թատերական փառատօն կազմակերպելու համար, ապա յոյս յայտնեց, որ Համազգայինը նաեւ տեղական ուժերը զարգացնելու, տեղական թատերախումբեր յառաջացնելու աշխատանք կը տանի յատկապէս Ամերիկայի տարբեր գաղութներու մէջ, որպէսզի ոչ միայն մշակութային աւանդական կապերը վերաշխուժանան, այլեւ հաստատուին նորեր՝ հայահոծ երկիրներու եւ հայրենիքի միջեւ, յանուն թատերական արուեստի եւ գեղարուեստական ճաշակի բարձրացման:
Ի դէպ, Գույումճեանի փափաքն է, որ «Հին Աստուածներ» մենաթատրոնը շրջագայի տարբեր գաղութներ եւս, մանաւանդ ներկայացուի Լիբանան, ուր այս գործը տարբեր բեմադրութիւններով բաւականին ծանօթ է տեղւոյն հայութեան: Անշուշտ նաեւ Հայաստան, ուր Մուրատեան պատրաստուած է իբրեւ դերասան եւ ուր գոյութիւն ունի մշակութային եռուն կեանք:
Յիշեցնենք, որ «Հին Աստուածներ» մենախօսութիւնը պիտի ներկայացուի երեք շաբաթավերջեր՝ Մարտ 7էն սկսեալ, «NoHo Arts Center»ի մէջ (11136 Magnolia Blvd., North Hollywood): Տոմսերու համար կրնաք հեռաձայնել (626) 400-0994 թիւին կամ այցելել
www.itsmyseat.com/garni կայքէջը: