ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Փետրուար 26ին Ատրպէյճանի պաշտպանական նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, որ իբրեւ թէ հայերու կողմէ զինադադարի խախտման պատճառով մահացած է ատրպէյճանցի զինուոր Քերեմ Շահինօղլու Նոխպալաեւը։ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը եւս հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը՝ հաստատելով, որ այս լուրը ոչ մէկ առնչութիւն ունի իրականութեան հետ։
«Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները հաւատարիմ են հրադադարի պահպանման ռեժիմին եւ պատասխան գործողութիւնների են դիմում միայն ծայրայեղ անհրաժեշտութեան դէպքում», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.