ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
Սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները բազմաթիւ են եւ այս մարտահրաւէրներուն, որոնք կը շրջապատեն մեզ ամէն տեղ եւ մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, կոյր կերպով հետեւիլը վնասակար է, իսկ անտարբեր մնալը՝ նոյնքան վնասաբեր:
Այս մտահոգութիւններէն մեկնած՝ գնահատելի նախաձեռնութեամբ մը, ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան հանրային կապի յանձնախումբը, Ուրբաթ, Փետրուար 21ին, Հիւսիսային Հովիտի Կրանատա Հիլզ քաղաքի Հայ կեդրոնի «Ճորճ եւ Արլին Թիթիզեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր հրապարակային իր 4րդ եւ եզակի զրոյցը՝ «Ամերիկահայ երիտասարդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները» նիւթով:
Օրուան նիւթի զեկուցաբերներն էին ընտանեկան եւ ամուսնական հարցերու հոգեբան Նորա Շիթիլեան-Քէլէշեան, աշակերտական վարքային եւ բռնութեան կանխարգիլման մասնագէտ Արա Մկրտիչեան եւ ընտանեկան փաստաբան Մարի Տէր Բարսեղեան:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Վիլմա Գույումճեան, որ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան հանրային կապի յանձնախումբի գործունէութեան եւ նպատակներուն մասին հակիրճ բացատրութիւն մը տալէ եւ ապա զեկուցաբերներուն կենսագրութիւնները կարդալէ ետք, յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց բանախօսները, որպէսզի անոնք ներկաներուն փոխանցեն իրենց կարծիքները՝ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, անոնց պատճառներուն ու հետեւանքներուն եւ Ամերիկայի օրէնքներուն մասին, հիմնուած իրենց փորձառութիւններուն եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններուն վրայ:
Գրեթէ երկու ժամ տեւած հրապարակային զրոյցին, լուսարձակի տակ առնուեցան ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները եւ ապա՝ տան մթնոլորտի, դպրոցի եւ համայնքի ազդեցութիւնը երիտասարդութեան վրայ: Ըստ զեկուցաբեր մասնագէտներուն՝ մարտահրաւէրները սկզբնականօրէն առաջ կու գան ծնողքի եւ զաւակի յարաբերութեան միջեւ այն բացէն, որուն մասին խօսիլն անգամ անընդունելի համարուած է ծնողքի մը համար, որ իր կարգին, բոլորովին անտարբեր մնացած է այդ բացը լեցնելու ծնողական պարտականութեան եւ զոհողութեան հանդէպ:
ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան հանրային կապի յանձնախումբի անդամները իրենց կազմակերպած հրապարակային այս բացառիկ զրոյցներով նպատակ կը հետապնդեն զարգացնել հայ գաղութը՝ զայն իրազէկ պահելով ներկայ մարտահրաւէրներուն եւ անոր կանխարգիլման միջոցներուն:
Հակառակ սրահին ողողուած ըլլալուն, քաջալերելի պիտի ըլլար, որ յաջորդող հանրային նման զրոյցներու ընթացքին, ներկաներուն թիւը աւելի բարձր գնահատուի:
Հանրային զրոյցի աւարտին, ներկաները առիթ ունեցան ուղղելու իրենց հարցումները, որոնց բոլորին ալ համբերութեամբ եւ յաւելեալ լուսաբանութեամբ պատասխանեցին օրուան զրուցաբերները:
Սոյն հանրային զրոյցը ամբողջութեամբ կրնաք դիտել «YouTube»ի վրայ, «arfshiragianpr» հասցէով:
Ահա եւ դաստիարակչական քաջալերելի աշխատանք մը, որ միայն կարելի է բարձր գնահատել: