ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Մարտ 23ին, կ.ե. ժամը 6ին, գրող եւ հրապարակագիր Մարտիրոս Վարդանեանի ծննդան 80 ու գրական գործունէութեան 35ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան Տէրտէրեանի: Ընթացքին պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր ու տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ է: Սրահին հասցէն է՝ 3325 N. Glenoaks Blvd.., Burbank, CA 91505:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.