ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան «Տեպքա» կայքը, մէջբերելով իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններու աղբիւրներ՝ կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի ռուսական զէնքերու մեծածաւալ մատակարարման համաձայնութեան յայտարարութենէն ետք Իսրայէլի իշխանութեանց մտահոգութիւնը զգալի աճ արձանագրած է, եւ իսրայէլացի ապահովական փորձագէտներ այժմ ուժերու հաւասարակշռութեան ի նպաստ Եգիպտոսի շրջուելուն հաւանականութեան արժեւորումը կը կատարեն:
Ըստ կայքին՝ Եգիպտոս ներկայիս Իսրայէլի համար մտահոգութեան մեծ աղբիւրի վերածուած է, երբ մէկ տարիէ ի վեր Սինայի հետ իր սահմանը հանդարտ կը նկատուէր, Գահիրէ որեւէ սպառնալիք չէր ներկայացներ եւ Թել Աւիւ իր ուշադրութիւնը մեծաւ մասամբ Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ կեդրոնացուցած էր:
«Տեպքա» կը նշէ, որ Իսրայէլի մեծագոյն մտահոգութիւնը այն է, որ Միացեալ Նահանգներ չկրցաւ Եգիպտոսի մէջ հարցերը կառավարել, նախագահ Պարաք Օպամա իր դաշնակիցները աւելի լաւ կերպով չկրցաւ զատել, ինչ որ զայրացուց եգիպտացի ժողովուրդը եւ զայն մղեց Ռուսիոյ մերձենալու: Ատիկա Ռուսիոյ նախագահ Փութինի ընծայեց Եգիպտոսի ճամբով շրջանին մէջ Ռուսիոյ ռազմավարական ներկայութիւնը ամրապնդելու երկար ատենէ ի վեր սպասուած առիթը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.