
Անվախ ու վեհ ղեկդ վարէ անծանօթին դէմ-դէմի.
Անզղջալի առաջ գնա…:
Ա. Իսահակեան
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Երեւանի մէջ, 23 Ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցած երիտասարդական ջահերթն ու Ապրիլ 24ին, նմանապէս դէպի Ծիծեռնակաբերդ ժողովրդային թափօրը եղան Ցեղասպանութեան յիշատակման բարձրակէտ աքթերը: Անոնք միայնակ զանգեր չէին, այլ արձագան գտան աշխարհով մէկ, տարբեր հայօճախներու մէջ ցոյցերով, յուշահանդէսներով ու արդարատենչութեան այլազան արտայայտութիւններով: Մեր մամուլը այդ բոլորին լայն տեղ տուաւ եւ մէկ յայտարարի վրայ հաւաքեց արտայայտուած կեցուածքները, որոնք են․ Ցեղասպանութիւնը չենք կրնար մոռնալ, Ցեղասպանութիւնը միայն հայը տագապեցնող ոճիր չէր, հայը չի կրնար ուրանալ կամ ժխտել պատմական փաստերը, իր ձայնն ու ձեռքերը միացած պիտի պահէ, ի խնդիր Արդարութեան հաստատման՝ հողային եւ նիւթական կորուստներու արդար հատուցման, ցեղասպանները հաշուետուութեան կանչելու…
Ոճրագործներուն դէմ բողոքի ու արդարատենչութեան ալիքներէն՝ այս սիւնակին մէջ կ՛ուզենք առանձնացնել քանի մը պատկեր, որոնք այլապէս ունին նոյն հասարակ յայտարարը. ատիկա կը կոչուի մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն պահանջատիրական ձայները, որոնք հնչեցին տարբեր երկինքներու տակ: Հոս ալ պիտի ունենանք ընտրովի մօտեցում, որովհետեւ կարելի չէ արձանագրել բոլորը, իսկ ընտրովի մօտեցում՝ չի նշանակեր անտեսել կամ արհամարհել այստեղ չյիշատակուածները:
ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՁԱՅՆԵՐ
Լոս Անճելըսի շրջանի հայկական վարժարաններու աշակերտները այս տարի եւս քայլարշաւ մը կատարեցին Մոնթեպելլոյի մէջ, յիշելով ու յիշեցնելով Ցեղասպանութիւնը, անոր անպատիժ մնացած ըլլալը եւ «Կը յիշեմ»ը, «Պէտք չէ կրկնուի»ն եւ նման կեցուածքներ: Այլ գաղութներու աշակերտներ եւս լսելի դարձուցին իրենց ձայնը:
«Ազդակ»ի եւ «Ասպարէզ»ի ընթերցողները անկասկած որ յուզումով եւ հոգեկան խռովքով ողջունեցին այն աշակերտները, որոնք լայն տեղ գրաւած էին Ապրիլ 24ի բացառիկ թիւերուն մէջ: Եթէ «Ասպարէզ»ը հիւրընկալած էր Ալեք Փիլիպոս Ազգային երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն արձակ ու չափածով գրութիւններու փունջ մը, այդ էջերը ընկալեցինք իբրեւ մէկ ներկայացուցիչը մեր բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն, որովհետեւ բոլորէն գրութիւններու հաւաքագրումը պիտի նշանակէր… ամբողջ բացառիկը կամ աւելին յատկացնել աշակերտներուն (թերեւս օր մը այդ քայլն ալ պէտք է առնուի): Այդ էջերը ի յայտ բերած էին, որ մեր մատղաշ սերունդը ինչպիսի՛ յանձնառութեամբ կապուած է իրեն փոխանցուած՝ արդարատենչութեան դրօշին, նոյն ոգիով է որ մէկը արձագանգ կ՛ըլլայ միւսին, գիտէ, թէ Ահարոնեան մը ինչո՛ւ ըսած է. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք…»
«Ազդակ»ի էջերը աւելի խայտաբղէտ էին. հոն զիրար գտած էին «Զաւարեանական»ը, ԼԵՄականը, Պատանեկան միութիւններու անդամներ, Անթիլիասի Դպրեվանքի սաներ, առանց մոռնալու երիտասարդական այն հաւաքը, որ իբրեւ հերթական ուխտագնացներ՝ փաղանգ մը համախմբած էր Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին շուրջը: Կարդալով այդ սիւնակները, ընթերցողը անգամ մը եւս վկայ դարձաւ, որ հայ պատանին ու երիտասարդը նո՛յն գիտակցութեամբ եւ կամքով կանգնած են մեր Դատի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ, թէ՝ պէյրութցին ու լոս անճելըսցին ո՛չ միայն նոյն հնչեղութեամբ կ՛արձագանգեն իրարու, այլ նաեւ ունին պահանջատիրութեան համահունչ ձայնակիցներ՝ աշխարհի չորս ծագերուն, իսկ բոլորը, կրկնենք, կ՛արձագանգեն Երեւանէն բարձրացած կոչին:
«ԼԱՐՔ»Ի ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Պատանեկան եւ երիտասարդական կամքի այս գեղեցիկ խճանկարին մէջ, իւրայատուկ գոյներ ունէր Կլենտէյլի «Լարք» երաժշտանոցի սաներուն գեղարուեստական հանդէսը, 25 եւ 26 Ապրիլին: Գիրի ու խօսքի փոխարէն, հոն տիրապետողը արուեստի լեզուն էր՝ երգ, պար, ասմունք ու նուագ-երաժշտութիւն: Սա վկայութիւն մըն էր, որ պահանջատիրութիւնը ունի արտայայտութեան տարբեր լեզուներ, եւ արուեստը այդ լեզուներուն շարքին բաւական ազդեցիկ է ու համակող, վարակող: Ուշագրաւ էր հանդէսին համար ընտրուած ընդհանուր խորագիրը՝ Վահագնի վերածնունդը, որ բեմին վրայ արտայայտութիւն գտած էր արուեստի մէկ այլ լեզուով՝ գեղանկարչութեամբ: Վահագնը այսօր ալ կենդանի է ու պատրաստ՝ քաղելու հայութեան ու մեր հայրենիքին սպառնացող վիշապները…
Փակագիծ մը բանալով արձանագրենք, որ Արուեստի լեզուն ի գործ դրուած էր նաեւ երէցներու կողմէ, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցած երաժշտական յայտագիրով մը (հոն ալ երիտասարդներ բաժին ունէին, յամենայնդէպս), սակայն մեր կիզակէտը, ինչպէս ըսինք սկիզբէն՝ մեր պատանիներն ու երիտասարդներն են, այլ խօսքով՝ ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴԸ, որ ահաւասիկ գործնապէս ցոյց կու տայ, թէ Երեւանի մէջ կամ այլուր, աւելի երէց երիտասարդներու ու ծնողներու՝ «նախկիններու» կողմէ բարձրացուած ջահը վար պիտի չիյնայ, այլ դրօշարշաւը՝ ջա՛հարշաւը պիտի շարունակուի նոր հասնողներուն կողմէ, նո՛յն կամքով, նո՛յն յանձնառութեամբ եւ աճող խանդավառութեամբ, ուժականութեա՛մբ:
Մեր պատանիները՝ աշակերտ, միութենական, արուեստագէտ թէ այլ, գործնական վկայութիւն կը բերեն ու կը մարմնաւորեն այն, որ կաթիլ-կաթիլ, ալիք-ալիք հարուածող ջուրը ժայռեր կը ծակէ, կ՛անցնի, ծովափի խարակներ կը խորտակէ, միանալով՝ կը կազմէ յորձանուտ, որ կը քանդէ իրաւունքիդ դէմ կանգնող, խափանող արգելակները, նաւդ կը հասցնէ արդարութեան նաւահանգիստ:
28 Ապրիլ 2025