ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Անցեալ տարի, զոյգ ձեռնարկներով իր հիմնադրութեան 45ամեակը մեծ ոգեւորութեամբ նշելէ ետք, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը աշխուժութեամբ դիմաւորեց 2014 տարեշրջանը, վարչութեան նոր կազմով եւ նորանոր նուաճումներու հեռանկարով:
Մասնաճիւղի Դեկտեմբեր 2013ի տարեկան ընդհանուր ժողովը հետեւեալ եօթը երիտասարդ ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն վստահեցաւ մասնաճիւղը ղեկավարելու դժուարին պարտականութիւնը.
Յովիկ Շահինեան (ատենապետ), Օննիկ Պէրպէրեան (փոխատենապետ), Կարինէ Պոնեանեան (քարտուղար), Լուսի Թիւթիւնճեան (գանձապահ), Ռաֆֆի Խամիսեան, Անդրէաս Հինտոյեան եւ Ռաֆֆի Պապայեան:
Մասնաճիւղի ամանորեայ առաջին դրական քայլը առնուեցաւ սկաուտական բաժանմունքին կողմէ: 5 Յունուար 2014ի գիշերը, հայկական Ս. Ծնունդին առիթով եւ սկաուտ վարիչ կազմին գլխաւորութեամբ, բաժանմունքը այցելեց իր անդամներուն տուները եւ աւետեց Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Երրորդ տարին ըլլալով, այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ հիւրընկալ անդամներու ընտանիքներուն կողմէ:
Նոյն ոգեւորութեամբ, սկաուտական բաժանմունքը, Ամանորի ուրախ մթնոլորտը հայ ծերունիներուն փոխանցելու եւ զանոնք մխիթարելու հեռանկարով, այցելեց «Արարատ Տուն» եւ գեղարուեստական ուրախ ծրագիր մը գործադրելով՝ ուրախացուց միայնակ մնացած ծերունիները եւ ստացաւ անոնց օրհնութիւնները:
Միւս կողմէ նորընտիր վարչութիւնը կեդրոնացաւ մասնաճիւղի կազմակերպչական աշխատանքներուն վրայ՝ գլխաւոր նպատակ ունենալով առաւել աշխուժացնել սկաուտական եւ մարզական բաժանմունքները եւ անոնց ընդմէջէն՝ խտացնել իր անդամական շարքերը, ինչպէս նաեւ ընդարձակել համակիրներու իր շրջանակը:
Նման էական աշխատանքներ իրականացնելու համար, վարչութիւնը հաւատալով միասնական աշխատանքին՝ կեանքի կոչեց զանազան յանձնախումբեր՝ սկաուտական, մարզական, քարոզչական, դաստիարակչական, ծնողական, օժանդակ եւ ընկերային, աշխատանքի հրաւիրելով իւրաքանչիւր մարզի մէջ փորձառու եւ հմուտ իր անդամները:
Նշանակուած այս յանձնախումբերը քով-քովի բերելու, իրարու ծանօթացնելու եւ անոնց աշխատանքային ծրագիրները բոլորին սեփականութիւնը դարձնելու հեռանկարով՝ վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր կազմակերպելու ընթրիքի երեկոյ մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Փետրուար 7ին, «Գաւառ» ճաշարանը: Շուրջ հարիւր ՀՄԸՄականներ ընդառաջած էի հրաւէրին. անոնց կարգին նաեւ՝ մասնաճիւղի երիցագոյն անդամ Սամուէլ Մկրտիչեանը:
Ներկաները բարի գալուստի քաղցր խօսքերով ողջունեց նորընտիր վարչութեան երիտասարդ ատենապետ Յովիկ Շահինեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, վարչութեան հրաւէրին ընդառաջած ըլլալուն համար, ինչ որ ինքնին նաեւ աշխատանքի սկսելու դրական երեւոյթ մըն էր:
«Վստահ եմ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, հաւատալով ՀՄԸՄի առաքելութեան եւ անոր հետապնդած նպատակներու իրականացման կարեւորութեան՝ ներկայ է հոս: Ձեր ներկայութիւնը դրական երեւոյթ է եւ կը յուսադրէ նորընտիր վարչութիւնը: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը, իր աշխատանքով կրնայ նորութիւն մը բերել եւ բեղուն գործունէութեամբ հարստացնել ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, որ մայրը կը հանդիսանայ Արեւմտեան ԱՄՆի շրջանի ՀՄԸՄին», ընդգծեց Շահինեան եւ կոչ ըրաւ բոլորին, որ համախմբուին վարչութեան շուրջ, ձեռք երկարեն անոր աշխատանքներուն, որպէսզի ան յաջողութիւններով վերանորոգուի եւ նորանոր նուաճումներ արձանագրէ:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Սամուէլ Մկրտիչեան, որ անդրադառնալով ՀՄԸՄի պատմական կարեւորութեան եւ հայութեան նպաստած իր բացառիկ դերակատարութեան՝ ընդգծեց անոր բերած հայապահպանման նպաստող առաքելութիւնը: Մկրտիչեան շեշտեց, թէ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ կազմակերպուած ՀՄԸՄի սկաուտական խրոխտ շարքերը եւ ֆութպոլի մարզէն ներս արձանագրուած յաղթանակները ոչ միայն հայութեան հպարտանքը դարձած էին, այլեւ հիացմունք պատճառած տեղացի ժողովուրդներուն եւ անոնց ակումբներուն:
Ոգեւորիչ իր խօսքերով եղբայրը խրախուսեց ներկաները կառչած մնալ կարեւոր այս միութեան եւ շեշտեց՝ ըսելով. «ՀՄԸՄը հայապահպանման, մարդակերտման դպրոց մըն է: ՀՄԸՄը պէտք է յաւերժ ապրի: Կառչած մնացէք կարեւոր այս միութեան եւ ձեր հաւատքով, անսակարկ գործունէութեամբ վերադարձուցէք ՀՄԸՄը իր նախկին փառքի օրերուն»:
Ապա, եղբայրը վարչութեան նուիրեց երկու օրինակներ իր հրատարակած «Երգեր Ու Վերքեր» գիրքէն: Այնուհետեւ, ատենապետի գեղեցիկ ներածականներով հերթաբար բեմ հրաւիրուեցան մասնաճիւղի յանձնախումբերու պատասխանատուները՝ ներկայացնելու համար իրենց մշակած տարեկան ծրագիրներն ու զանոնք իրականացնելու միջոցները:
Ուրախալի էր լսել, թէ սկաուտական բաժանմունքը շեշտը դրած է ազգային դաստիարակութեան վրայ եւ նպատակ ունի առաւելագոյն թիւով մասնակցելու այս ամրան Հայաստանի մէջ կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄական սկաուտական ընդհանուր բանակումին:
Մասնաճիւղի մարզական բաժանմունքը շեշտը դրած է յատկապէս փոքր մարզիկներու նախ՝ ֆիզիքական տոկունութիւն տալու եւ այնուհետեւ զանոնք մրցումներու պատրաստելու վրայ: Քարոզչական յանձնախումբը որոշած է զարկ տալ նաեւ անդամարշաւին՝ մասնաճիւղին շուրջ համախմբելով անցեալի իր անդամները, նիւթական միջոցներով զօրացնելով մասնաճիւղի տնտեսականը եւ հրատարակելով մասնաճիւղի տեղեկատուն: Դաստիարակչական գետնի վրայ, անդամներուն պիտի հրամցուին միութենական գիտելիքներ: Ծնողական եւ օժանդակ յանձնախումբերը ամէն ջանք պիտի թափեն օգտակար հանդիսանալու համար մասնաճիւղի զոյգ բաժանմունքներու աշխատանքներու զարգացման:
Ստեղծուած ոգեւորիչ մթնոլորտէն խրախուսուած՝ ելոյթ ունեցան նաեւ մասնաճիւղի անցեալի խմբապետ-պատասխանատուներ, որոնք խոստացան իրենց աջակցութիւնը բերել մասնաճիւղի վերելքին:
Եզակի այս երեկոն վերջ գտաւ գիշերուան ուշ ժամերուն:
Երեկոն ընկերային գեղեցիկ հաւաք մը ըլլալուն առընթեր, նաեւ վերանորոգուելու գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ ներկաներուն համար, որոնք ոգեւորուած հեռացան սրահէն, մասնաճիւղին կառչած մնալու եւ անոր յաջողութեանց մասնակից դառնալու հաստատակամութեամբ:
Բարի երթ 45ամեայ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին: