
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Փիլիպոս»ի աշակերտները կրցան երրորդ հանդիսանալ զարգացման «Տասնամարտ»ի մրցաշարքին՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ սեփական վարժարաններու իրենց բաժանմունքին մէջ:
Միշըլ Հիլզի «Պիշըփ» վարժարանին մէջ, Շաբաթ, Փետրուար 1ին կայացած մրցաշարքին գլխաւոր նիւթն էր համաշխարհային Ա. պատերազմը. աշակերտները մասնակցեցան հետեւեալ 10 նիւթերուն վրայ ծանրացող զարգացման մրցումներուն՝ արուեստ, երաժշտութիւն, գիտութիւն, ընկերային գիտութիւն, թուաբանութիւն, լեզու, գրականութիւն, տնտեսագիտութիւն, շարադրութիւն, հռետորաբանութիւն եւ հարցազրոյց:
Այս բոլորին կողքին, տեղի ունցաւ «գերմրցում» մը, որուն մասնակիցները շատ կարճ ժամանակի մէջ պատասխանելու պարտադրանքին տակ կը գտնուին: Այս մրցումին մէջ «Փիլպոս»ի աշակերտները երկրորդ հանդիսացան:
«Փիլիպոս»ի խումբին մաս կը կազմէին հետեւեալ աշակերտները՝ Փրենի Այվազեան, Մարիամ Գէյսիմոնեան, Անի Տանկազեան, Մարիա Դիշչգրիկեան, Կարօ Եզաճեան, Մարիա Կուլումեան, Նիքլըս Անտոնեան, Անուշ Կարապետեան եւ Մոնիք Սիւճեան, որոնք երկուքական շքանշան (մէկը՝ արծաթ, միսը՝ պրոնզ) ստացան իրենց խմբային յաղթանակներուն համար:
Անհատական մակարդակի վրայ, Մարիամ Գէյսիմոնեան ոսկիէ շքանշան շահեցաւ հռետորութեան մարզին մէջ, արծաթէ՝ տնտեսագիտութեան, ինչպէս նաեւ երկու պրոնզէ շքանշաններ՝ լեզուի եւ գրականութեան մրցումներուն մէջ:
Նաեւ, Մարիա Կուլումեան պրոնզէ շքանշան մը շահեցաւ արուեստի բաժանմունքին մէջ, իսկ Կարօ Եզաճեան մէկական պրոնզէ շքանշան շահեցաւ թուաբանութեան եւ ընկերային գիտութեան մրցումներուն ընթացքին:
Մոնիք Սիւճեան եւս ոսկիէ շքանշան մը շահեցաւ երաժշտութեան մարզին մէջ, իսկ Նիքլըս Անտոնեան՝ ընկերային գիտութեան մրցումին, ինչպէս նաեւ արծաթէ շքանշան մը՝ թուաբանութեան մէջ: