ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Ամիսներ առաջ Թուրքիոյ մէջ ապօրինի շինարարութեան մեղադրանքով ձերբակալուած էր պոլսահայ գրող-հրապարակախօս Սեւան Նշանեանը: Անոր աջակցելու միջոցներ գտնելու համար 5 Մարտին Հայաստանի Գրողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցած է կլոր սեղան–հանդիպում։ Գրող Սարգիս Հացպանեան ներկայացուցած է Նշանեանի կեանքը, գործունէութիւնը եւ հրատարակած գիրքերը:
Նշանեանին օգնելու նպատակով կազմուած է «Սեւան Նշանեանի աջակցութեան կոմիտէ», որուն գործունէութեան մեծապէս կ՛աջակցի նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը:
Հացպանեանը լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած է ձերբակալութեան իսկական պատճառին վերաբերող իր վարկածը:
«Նախ պէտք է իմանալ, որ նա միակ քաղաքական բանտարկեալն է Թուրքիայում, եւ որպէս մտաւորական նա յատուկ է յայտնուել ճաղերի հետեւում՝ 2015ին ընդառաջ, որպէսզի նրա ձայնը հասանելի չլինի տեղի հասարակութեանը», դիտել տուած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.