ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Իսնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մարտ 14ին, Վանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Ահմետ Տաւութօղլուի, Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
Նախարարները պիտի քննեն շրջանին մէջ կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ նախկին եռակողմ հանդիպումներու որոշումներուն գործադրութեանց ընթացքը: Նախարարները նաեւ երկկողմանի խորհրդակցութիւններ պիտի ունենան:
Նախարարներու նախորդ հանդիպումները տեղի ունեցած էին Ուրմիոյ եւ Նախիջեւանի մէջ, յաջորդաբար՝ 2011ին եւ 2012ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.