ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– «Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ)՝ «Փերինչեքն ընդդէմ Շուէյցարիա»ի գործով վճիռը բողոքարկելու՝ Շուէյցարիայի որոշումը հնարաւորութիւն կը տայ, որպէսզի դատարանի որոշման մէջ Ցեղասպանութեան մասին վիճայարոյց հաստատումները սրբագրելու փորձ արուի», ըսած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Ըստ Մանոյեանի՝ Զուիցերիան համոզելը, որ անպայման բողոքարկէ ՄԻԵԴի որոշումը, համազգային ճիգի արդիւնք է՝ կան բաներ, որոնք կատարուած են, բայց որոնց մասին չէ խօսուած, սակայն մնացած հանգրուաններն ալ համազգային ճիգ կը պահանջեն եւ միասնական աշխատանք:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ քայլերու պէտք է դիմուի հայաստանեան ու սփիւռքեան կառոյցներուն կողմէ՝ իբրեւ աջակցութիւն Զուիցերիոյ, Կիրօ Մանոյեան նշած է, որ դեռ կանուխ է այդ մասին խօսելու, քանի որ ՄԻԵԴը նախ պէտք է Զուիցերիոյ բողոքը ընդունելու որոշում կայացնէ, յետոյ որոշէ, թէ ինչ ձեւաչափով պիտի ընթանայ բողոքի քննարկումը: Անկէ կախեալ պիտի ըլլայ, թէ հայկական կողմը՝ Հայաստանը կամ սփիւռքեան կառոյցերը, կարելիութիւն պիտի ունենա՞ն դատարանին մէջ որպէս շահագրգիռ կողմ հանդէս գալու, թէ ոչ:
ՄԻԵԴի կողմէ բողոքարկման դիմումը ընդունելու հաւանականութեան առնչութեամբ Մանոյեան նշած է, որ տեսականօրէն ատիկա կարելի է, որովհետեւ բաւական լուրջ խնդիր է։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ բողոքը կ՛ընդունուի, քանի որ նոյն ա՛յդ հիմնաւորումներով կարելի եղած է Զուիցերիան համոզել, որ բողոքարկման դիմում ներկայացնէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.