
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օր դպրոցական միօրեայ արձակուրդ էր, որուն իբրեւ արդար հետեւանք բազմահազար աշակերտներ եւ երեխաներ, իրենց ծնողներուն աշխատանքին պատճառով, կրկին անգամ պիտի իյնային մեծ ծնողներու խնամքին տակ:
Մեր կարգին, մեր երկու թոռներն ալ մեզի հետ էին, ուրեմն մենք ալ անմասն չէինք կրնար մնալ այս անգիր պարտականութիւն-օրէնքէն:
Օգտուելով Քալիֆորնիոյ փետրուարեան նախանձելի օդէն, էրիկ-կնիկ որոշեցինք այս անգամ մերինները՝ Հայկն ու Վանան, մեր տան շատ մօտիկ «փարք»՝ պարտէզը, տանիլ: Ու այսպէս, ծանրաբեռնուելով տեսակաւոր «պէտք է»ներով, օրուան կէսին քալելով, խօսելով, երբեմն ալ «վազելով» հասանք հանրային այդ փոքր պարտէզը:
Աստուած իմ, այս ինչ զարմանալի տեսարան: Հայ տարեցներ, հայ մամաներ եւ հայ մօրքուր-հօրքուրներ, իրենց աղմուկով եւ «բեռներով» արդէն լեցուցած էին դաշտը: Դուրսէն դիտողին համար, այս «փարքը» զուտ հայկական ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգէր:
Տեղաւորուելու համար, յարմար անկիւն մը փնտռեցի: Բախտս քալեց: Շուքոտ տեղ մը գտած էի: Արագ մը սեփականացուցի եւ մեր բեռները գետինը շարած ու հազիւ տեղաւորած էի, յանկարծ նշմարեցի, որ կնոջս խիստ աչքերը վրաս կեդրոնացած էին:
Իր կարծիքով, ես դարձեալ սխալ բան մը ըրած ըլլալու էի: Հոգս չէր, որովհետեւ հո՛ս, ինք, մանաւանդ այս «երեւանեան» բազմութեան մէջ, պիտի չկարենար վրաս պոռալ: Այս մէկուն վստահ էի: Ուստի զինք կանխելով, ըսի.
– Ի՞նչ է. կ՛ուզես, որ այս տարիքիս ե՞ս ալ թոռներուս հետ օրօրոց-մօրօրոց խաղամ: Այսօր քու կարգդ է:
Այս բոլորը ըսած էի մէկ շունչով, հայկական պատկերասփիւռներու «ջարդել-փշրել սերիալ»ներուն մէջ հանդիպած «էրիկ մարդուկութիւն» խաղցողներուն նման:
Իրապէս որ խեղճ կինս զարմացաւ ու այսպէս անխօս ու զարմանք մը գծելով դէմքին, պզտիկները առնելով դէպի սահնակներու ուղղութեամբ գնաց:
Չորս կողմս նայեցայ յաղթանակ մը տանողի նայուածքով: Ոչ ոք զիս կը դիտէր: Ամէն մարդ, բանով մը ինքզինք կը զբաղցնէր: Պարտէզին քարէ եւ փայտէ բոլոր սեղանները, հայ տարեցները իրենց «թաւլըներով» (նարտի) գրաւած էին: Անդին՝ մայրիկներ, տատիկներ գետինը, կանաչ խոտին վրայ կարպետներ փռած, անհոգ նստած կամ երկնցած բարձրաձայն կը զրուցէին, շատեր ուտելով կը զբաղէին, իսկ ուրիշներ ալ սուրճի գաւաթը ձեռքերնին կը շաղակրատէին: Իսկ պարտէզի աւազոտ բաժինին տեղաւորուած քանի մը օրօրոցներու եւ սահնակներու վրայ, մատի վրայ համրուող փոքրերն ալ, մամաներու հսկողութեամբ՝ կ՛օրօրուէին, իրենց խանդավառ եւ ուրախ պոռչտուքներն ալ խառնելով պարտէզի ժխորին: Քիչ անդին, գրեթէ ամբողջ տարածութեան, մեծ թիւով 7-15 տարիք ունեցող տղաք եւ աղջիկներ խոտին վրայ կամ անկիւն մը եւ կամ ալ ծառի մը շուքին տակ նստած, իրարու հետ եւ նոյնիսկ իրարմէ հեռու, ափերնուն մէջ մէկական «սել» (բջիջային) հեռաձայններ եւ կամ ալ «այ բատ»ներ բռնած՝ մատներով «գրաւոր կը խօսակցէին», երբեմն անիմաստ եւ անհասկնալի բացագանչութիւններ արձակելով: Մէկ խօսքով, ամէն մարդ զբաղուած էր եւ ուրախ: Ճանըմ, ինչո՞ւ տխուր պիտի ըլլային, արձակուրդ օր էր: Արեւոտ ու անժամանակ գարնանային: Ահա քեզի Քալիֆորնիոյ առաւելութիւնը, Ամերիկայէն ու աշխարհէն:
Բոլորին նման ես ալ ուրախ էի, որովհետեւ կինս արդէն իմ բեռս ուսէս վերցուցած էր: Կուտ ու պիստակ ուտելով, հիմա առանց խանգարումի պիտի կարենայի չորս կողմս դիտել:
Ահա քեզի զբաղում:
– Է՜հ մանկութիւն, դո՛ւն մարդուն կեանքին ամէնէն մաքուր եւ անմեղ բաժինն ես. ինչ լաւ բան ես. դուն ես մարդոց հիմնաքարը, որուն վրայ կեանքը իր սիւները պիտի բարձրացնէ, կ՛ըսէի մտովի, երբ կրկին անգամ աչքէ անցուցած էի ամբողջ դաշտին տարածքը: Միւս կողմէ սակայն, նստած տեղս կը զգայի, որ նայուածքներուս ցանցը թուլցած էր: Մտածումներս սկսած էին օրօրուելու գլխուս մէջ: Կարծես կապուած ըլլայի հին յիշատակներուս եւ ինքնաբերաբար նոր խորհրդածութիւններու յանձնուած:
Գիտէի, որ տարիքս իր խոհերով եւ հոգերով ծանրացած էր ու ամէն բանի սկսած էի նայելու իբրեւ հետաքրքիր երեւոյթ: Ու այդ պահուն, այդ մինակութեանս մէջ կարծես անցեալի բոլոր երազներս արթնցած էին: Քակուած էր յուշերուս գեղեցիկ շարանը: Յուշեր, որոնք տասնամեակներ առաջ կեանքս ջերմացուցած էին, հիմա սիրտս կը տրոփէին: Հաստատապէս նստած էի կեանքիս ապրուած ու երջանիկ պատառներուն հետ ու հինին երանութիւնը կ՛ապրէի:
Այն օրերուն, երկար կամ կարճ արձակուրդներուն, մենք՝ դրացի կամ թաղի տղոց կամ մեր ընկերներուն հետ, մեր մեծ բակին կամ նեղ թաղին մէջ աղմուկով գնդակ կը խաղաղայինք: Եթէ գնդակ չունենայինք, գնդիկ կը խաղայինք կամ հօլ եւ կամ ալ թաղին գետինի աղտոտ քարերուն վրայ նստելով՝ «հինգ քար»: Տակաւին «կռիւ-կռիւ» կը խաղայինք, աջ ձեռքերնիս երեւակայական սուրեր բռնած իրարու հետ սուսերամարտ ընելով: Յետոյ, երբ տուն կը կանչուէինք, մեզի կը թելադրուէր գիրք կարդալ: Երբեմն ալ բակէն ներս, իբրեւ նստակեաց խաղ, մօրս՝ մեզի համար մեր գրագէտներու անուններով պատրաստած փոքր քարթերով, որոնց վրայ հայ գրագէտին կամ բանաստեղծին գործերուն անունները գրած էր, թղթիկ կը խաղայինք: Մենք պիտի փորձէինք իրարմէ թուղթեր քաշելով նոյն գրագէտին գործերուն հաւաքածոն մէկս միւսէս առաջ կազմել: Այս խաղով արդէն գոց ըրած էինք Վարուժանի, Սիամանթոյի, Զոհրապի եւ միւս մեծերուն անուններն ու գործերը:
Մէկ խօսքով հայ աշակերտական թղթախաղ:
Յանկարծ զգացի, որ նման օրերու ետեւէն մտովի վազքս ուրախութենէն սիրտս լաց պիտի բերէր:
Իսկ հիմա: Այսօր, հո՛ս, դիմացս ահա չոր ցամաք տեսարան մը: Ո՞ւր մնաց ասոնց բնութեան երկինքին տակ խաղալու սովորութիւնը: Ճիշդ է, որ մենք չունէինք «այ բետ», «թի.վի.» կամ նման շատ ուրիշ խաղեր ու խաղալիքներ, բայց ընկերներով միասին ըլլալու, խաղալու, վազելու նոյնիսկ կռուելու հաճոյքը կ՛ապրէինք գրեթէ ամէն օր:
Իրապէս կեանքը հիմա տարբեր է: Լեռ ու ձոր տարբերութիւն: Ինծի համար հիմա, այս փոքրերը թագը կորսնցուցած թագաւորի կը նմանէին:
Ի՞նչ ունի այսօրուան փոքրիկը, հարց կու տայի ես ինծի: Իմ թոռնիկներէս գիտեմ: Այսօրուան երեխային կամ աշակերտին սենեակն ու նոյնիսկ միտքը խճողուած է զանազան տեսակի ելեկտրոնային խաղալիքներով, պատկերասփիւռի յայտագիրներով, «ջարդել-փշրել»ներու նկարներով ու տեսակաւոր վայրագ-նորոյթ խաղերով:
Այսօրուան երեխան տակաւին վատն ու լաւը չճանչցած, բարին ու չարը չհասկցած, արդէն ունի իր ուզած ելեկտրոնային անհամար խաղերը: Կը կարծեմ, որ այս իսկ ընթացքով ոչ միայն անոր կեանքը, այլեւ անոր միտքն ու հոգին ալ խաթարուած են: Նոյնիսկ՝ ճաշակը փոխուած: Իւրաքանչիւր 5-6 եւ աւելի տարիք ունեցող փոքրիկ տղայ կամ աղջիկ իր աշխարհը քաշուած, իր ընկերոջ հետ խաղալու, նոյնիսկ վիճելու կամ կռուելու անուշութենէն ինքզինք զրկած է ու գոհացած՝ այդ «սել»ով կամ «այ բետի» տրամադրած «նորութիւններով»: Ատով կ՛ապրի: Ատով կ՛արթննայ:
Արդեօք հանդիպած կամ տեսա՞ծ էք իր բազմատեսակ խաղերու մարդասպան, ոճրագործ եւ այս մոլորակը քանդել ուզող հերոսներուն: Որո՞նք են այդ «հերոսները»: Չեմ գիտեր:
Այս նոր սերունդին պատկանող երեխան ինք այդ վայրագ խաղերու հերոսներով կը ներշնչուի, առանց հոգեկան բովանդակութեան:
Ի՞նչ է իր մօտ կեանքին ձեւը: Ինքն ալ տեղեակ չէ: Չի գիտեր: Ոչ ալ կ՛ուզէ գիտնալ: Հոգը չէ: Իր խաղալիքը զինք այդպէս դասաւորած է: Առանձնանալ: Անձնասիրութիւն: Անհաղորդ: Ինծի համար տխուր մինակութիւն, որովհետեւ ունայնութիւններով միայն կ՛արբենայ: Մինչեւ հիմա չեմ կրցած «մարսել» իրենց այս վիճակը:
Անշուշտ բացառութիւններ կան, որոնք փոքրամասնութիւններ են միայն: Աննշան:
Կ՛անդրադառնամ: Կը շտկուիմ: Սխալ բան մը կայ այս բոլորին մէջ, կ՛ըսեմ գրեթէ ջղային ու կը զգամ, որ ճակատս քրտինք ունի: Իսկապէս, այս մէկը զիս տագնապեցուցած էր:
Սխալ բան եւ բաներ, որոնց գլխաւոր պատճառը մենք ենք կամ ծնողքը: Մենք ենք, որ կու տանք, կը գնենք այս փոքրերուն այս տեսակի բոլոր խաղալիքները:
Ճիշդ է, որ նորերը իմ ապրած դարս չէ, զոր կ՛ապրէին, կը շարունակէր տրամաբանութիւնս իր վազքը: Ճիշդ է, որ իմ հին մեթոտս, որուն շունչին տակ հասակ առած էի, բաւարարութիւն պիտի չտար նոր սերունդին, բայց ես զիս չեմ կրնար համոզել:
Բոլորս ալ քաջ գիտենք, որ մեր կեանքը մեր որոշման հայելին է: Բոլորս ալ կ՛ըմբռնենք այս մէկը, բայց չենք կրնար հաշտուիլ: Չենք կրնար ներկայ այս իրականութենէն հրաժարիլ, բայց չենք ալ ընդունիր մեր սխալը:
Մեղք է այս սերունդը, կ՛ըսեմ մտովի: Այս փոքրերը, իրենց այս «խաղալիքներով» առանձին կը մեծնան: Իրենք մտածելու առիթ չունին, ամէն բան իրենց հրամցուած է: Միայն կոճակը պիտի սեղմեն: Իրենց մատները պիտի շարժեն: Ներկայ արդի «թեքնոլոճին» զիրենք հեռացուցած է իրենց մտքի զարգացումէն:
Յուսախաբ ու տխրութեամբ կը մտածեմ: Ինծի համար ասոնց կեանքը իսկապէս կորսնցուցած է իր շքեղանքը: Բայց… որո՞ւ հոգը:
Յանկարծ մերիններուն ձայները շատ մօտէն ականջիս կը հասնին: Կը զգաստանամ:
– Հիմա քու կարգդ է, – կ՛ըսէ կինս:
Կը զգամ, որ ֆիզիքապէս արդէն յոգնած է: Չեմ փորձեր հակաճառել: Ու ժպտելով՝ կամաց-կամաց քայլերս կ՛ուղղեմ դէպի օրօրոցները:
Հաստատապէս ես հին գարուններովս շրջապատուած էի: Մարդ ինչպէս կրնայ մոռնալ իր ապրած կեանքն ու անոր ժամերը:
Յայտնի էր, որ անոնք տակաւին չմարած անցեալէս կու գային, այն անցեալէն, ուր տակաւին մարդիկ կ՛ապրին:
Ու սահնակներուն մօտ, թոռներուս ուրախ պոռչտուքին մէջ, յուզուած ու անցեալովս խանդավառ, դէպի ետեւ կը դառնամ ու իրենց «խաղալիքներով» զբաղուող երեխաներուն մտովի պոռալով՝ կ՛ըսեմ.
– Հէ՜յ, պզտիկներ, տեսէ՛ք, ես երբե՛ք չեմ նախանձիր ձեզի ու ձեր խաղալիքներուն: Ես իմ մանկութիւնս երբե՛ք չեմ փոխեր ձերինին հետ: Դուք խեղճ էք: Ինծի համար ձեր մանկութիւնը անբաղձալի եւ աննախանձելի է:
Ապա մօտենալով թոռներուս, կարօտով յիշելով կանաչ օրերս՝ բարձրաձայն կ՛ըսեմ.
– Հիմա պապիկին կարգն է:
Ու կը ցատկեմ օրօրոցին վրայ: