
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Եղիշէ Չարենցի ծննդեան օրը՝ 13 Մարտին, Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան եւ Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի նախաձեռնութեամբ մեծանուն գրողին յուշարձանը այցելած են Երեւանի հիմնական դպրոցներու աշակերտները, անուանի արուեստագէտներ:
Երեւանի քաղաքապետարանի հանրակրթութեան վարչութեան պետն ու աշխատակիցները քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի անունով ծաղկեպսակ զետեղած են Եղիշէ Չարենցի յուշարձանին առջեւ:
Չարենցի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած դպրոցականներու նախաձեռնութիւնը այս տարի առաջին անգամ միաժամանակ սկսած է Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ, երկու վայրերուն մէջ գտնուող ներկաները նաեւ ուղիղ հեռակապով ունկնդրած են զիրար: Չարենցի յուշահամալիրէն չարենցասէրները ուղղուած են բանաստեղծին տուն-թանգարանը, ուր շարունակուած է Չարենցի 117ամեակին նուիրուած ձեռնարկը: Ինչպէս արդէն սովորութիւն դարձած է, բանաստեղծին տարեդարձին օրը անոր տուն-թանգարանը կը համալրուի չարենցեան արժէքաւոր իրերով: Այս տարի թանգարանին նուիրուած է Չարենցի մտերիմ Ռեգինա Ղազարեանի հեղինակած դիմանկարը, որ Երեւանի թիւ 136 դպրոցի տնօրէն Գրետա Թունեանը նուիրաբերած է մեծանուն գրողին թանգարանին:
Դիմանկարը Ռեգինա Ղազարեանը շուրջ 25 տարի առաջ նուիրած է Գրետա Թունեանի ընտանիքին: Բանաստեղծի տուն-թանգարանին մէջ նաեւ տեղի ունեցած է Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 117րդ տարեդարձին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը՝ «Կոմիտաս եւ Չարենց» խորագիրով: Ցուցադրութեան դրուած են նաեւ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուող արժէքաւոր իրեր: