ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Հայագիտական ուսմանց եւ ուսումնասիրութիւններու ազգային միութիւնը, «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին գործակցութեամբ, Փետրուար ամսուան ընթացքին յարգանքի երեկոյթ մը կազմակերպած է՝ ի պատիւ Արմէն Արոյեանի, որ 1980ական թուականներէն ի վեր ուխտագնացութիւններ կազմակերպած է դէպի Պատմական Հայաստանի նախկին հայաբնակ վայրերը։
Հաւաքի կազմակերպիչները դիտել կու տան, որ Արմէն Արոյեան երախտաշատ գործ տեսած ու մեծ թիւով հայերու երազները իրականացուցած է՝ կազմակերպելով 75 ուխտագնացութիւններ, որոնց ցարդ մասնակցած են 1200 ուխտագնացներ։
Հաւաքոյթին ընթացքին պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ըսած է, որ 1980ին թուրք պաշտօնեաները կը գրաւէին այցելուներուն լուսանկարչական գործիքներն ու ժապաւէնները, բայց 1987էն սկսեալ՝ բան մը փոխուած է, եւ Արոյեան կրցած է յաջողցնել բազմաթիւ ուխտագնացութիւններ։
Ելոյթ ունեցած է նաեւ Ռուբէն Պէրպէրեան, որ չորս անգամ մասնակցած է այս ուխտագնացութիւններուն. ան փոխանցեց իր ապրումները:
Արմէն Արոյեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս պատիւին համար՝ պատմելով, թէ ինչպէ՛ս առաջին վայրկեանէն խանդավառութիւն զգացած է այցելելով հայութեան համար պատմական կարեւորութիւն ունեցող այդ վայրերը։ Ան ըսաւ նաեւ, որ ապագայ սերունդները եւս պէտք է առիթ ունենան նման ուխտագնացութիւններու մասնակցելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.