Երեքշաբթի, 11 Մարտի առաւօտուն, World Watch Monitor կազմակերպութեան տնօրէնին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, թէ հակառակ Սուրիայէն ներս ստեղծուած ծանր կացութեան, Սուրիոյ հայութիւնը կը մնայ ամրօրէն կառչած Սուրիոյ։ «Մենք երբեք չենք մոռնար Ցեղասպանութենէն ետք սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած եղբայրական ոգին հայ ժողովուրդին նկատմամբ։ Տարիներ շարունակ Սուրիոյ հայութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ սուրիական հայրենիքի վերելքին։ Այսօր, երբ սուրիացի ժողովուրդը լուրջ վտանգներու եւ մարտահրաւէրներու դիմաց է, մենք չենք կրնար մոռնալ անցեալը եւ հեռանալ Սուրիայէն։ Ճիշդ է, որոշ թիւով հայեր ժամանակաւորապէս հեռացան եւ աւելի ապահով վայրեր հաստատուեցան, սակայն վստահ ենք, որ անոնք շուտով պիտի վերադառնան անմիջապէս որ ապահովութիւնը վերահաստատուի Սուրիայէն ներս», ըսաւ վեհափառը։
Կաթողիկոսը անդրադարձաւ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայ համայնքին քաղաքական կեցուածքին սուրիական տագնապի լուծման գծով. այս ծիրէն ներս ան շեշտեց հետեւեալ կէտերը.
ա. Սուրիական տագնապը միայն քաղաքական լուծում կրնայ գտնել, ոչ զինուորական եւ ոչ ալ արտաքին միջամտութիւններով.
բ. Սուրիացի ժողովուրդը իր բոլոր բաղկացուցիչ մասերով՝ պետութիւն, ընկերութիւն, համայնքներ, պէտք է մասնակից դառնայ Սուրիան դէպի խաղաղութիւն առաջնորդող գործընթացին.
գ. Քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը սուրիական ընկերութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկն է. անոր պահպանումը կը նկատենք կենսական.
դ. Քրիստոնեայ համայնքները իրենց պարտաւորութիւնները լիովին կատարած են Սուրիոյ նկատմամբ, որպէս անբաժան մասը սուրիական ընկերութեան. անոնք նաեւ տէր կը կանգնին իրենց իրաւունքներուն՝ անհատական թէ համայնքային։
Կաթողիկոսը նաեւ խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին մասին։ Ան ըսաւ, որ «հայ ժողովուրդը տակաւին կը մնայ իրաւազրկուած. Սփիւռքը պարտադրուած իրականութիւն մըն է ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ։ Մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ մեր բռնաբարուած իրաւունքներուն նկատմամբ։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցումը իւրաքանչիւր հայու եւ ամբողջ հայութեան պահանջքն է»։
Պատասխանելով իրեն ուղղուած հարցումներուն, վեհափառը նաեւ անդրադարձաւ Ժընեւ 2ի նախօրեակին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած ժողովին ու ընդհանուր գիծերով պարզեց հոն արտայայտած իր տեսակէտները։ Հարցազրոյցին ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ ընդհարապէս Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան ու վկայութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.