
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հա՛յ եմ ես, քա՛ջ եմ ես,
Սարսափեցէ՛ք իմ ձեռքէս,
Հայաստանը ազատող
Քաջ Վարդանի թո՛ռն եմ ես…
Թէ Սփիւռք ծնած ու հասակ առած սերունդներուն քով ի՜նչ յուշեր ու զգացումներ կ՛արթնցնեն այս պարզուկ, այլ մոգական ուժ ունեցող բառերը՝ ինծի անծանօթ է։ Այն տարիներուն, երբ անոնք ոգին ի բռին կը ջանային Հայկին ու քաջ Վարդանին թոռնիկն ըլլալ՝ ես ու սերնդակիցներս, Մայր Հողին վրայ, ներարկուած սնօտի խանդով մը, «Լենին պապիկ»ին թոռնիկներն էինք… Հետեւաբար չեմ արտասանած «Հա՛յ եմ ես…», այլ՝ «Լենին պապին էլ մանուկ է եղել…», կամ՝ «Երգում եմ քե՛զ, մե՛ծ Ստալին…»:
Յուշեր չունիմ կապուած Վարդանանց տօնին, ինծի համար ան հայոց պատմութեան մէկ դրուագն է, որուն կը նայիմ… քննական հայեացքով։
Ու սակայն, 8-10 տարեկան մանուկներ ինծի նոր մանկութիւն պարգեւեցին։ Կրթասիրաց վարժարանին մէջ «Վարդանանք» կը տօնուէր՝ աշակերտական ձեռնարկ։ Թէեւ պարտականութեանս ուղղակի կ՛առնչուի, սակայն ցարդ ներկայ չէի եղած նման հանդիսութիւններու, ինչպէս ըսի՝ զգացական որեւէ կապ չունենալով։ Այդ օրը, սակայն, յուզումս արցունք ծնաւ։ Ութնամեայ աղջնակ, մէկ գլուխ բարձր զինք շրջապատող Վարդաններէն՝ կը տագնապէր, հայեացքը շփոթած կը յածէր սրահին վրայ ու թրթռացող սիրտով Վարդանանց ուխտին երդումը կրկնելու ի՛ր կարգը կը սպասէր։ Անոր զրնգուն ձայնը, մատնաչափ տղոց՝ առնական հնչերանգի ձգտող խրոխտ կանչերը ինծի դարերու հեռուները՝ հայոց փառապանծ այրուձիին յաղթարշաւները տարին՝
Հայ եմ ես, քաջ եմ ես…
Ու ես վերագտայ կորսնցուցածս, կեղծ հնչիւններէ զերծ, իրական մանկութիւնս, լացի Վարդանի նահատակութեամբն ու ցնծացի յաղթանակի բերկրանքով…
…Ապա ծնաւ միտքը։ Այդ մանուկները ինչպիսի՜ համոզումով, հայօրէն, առոյգ ու խրոխտ ձայներով կ՛արտասանէին արուեստով չփայլող, սակայն տարիներ սերունդներուն ոգի ներարկած այդ ոտանաւորները։
Ո՞ւր է գաղտնիքը անոնց այդ ջերմ հաւատքին ու աւելի բարձր կարգերու տղոց յուլօրէն նահանջող կեցուածքին։
Մենք յաճախ յոռետես ենք ազգի ապագային հանդէպ՝ դատելով նոր սերունդին ընդհանուր պատկերէն։ Այսօր ամչցայ տկարութեանս համար։ Անդրադարձայ մե՜ծ ճշմարտութեան, թէ սերունդները չե՛ն մեր ակնկալիքները չգոհացնողը. թերի է մե՛ր տուածը։ Կը ստանաս տուածդ… ու հունձքդ ալ խղճուկ կ՛ըլլայ, եթէ հոգիէդ փրցնելով չես տար։ Մինչդեռ տուողները միայն ուսուցիչները չեն, միայն ծնողները չեն, միայն եկեղեցին չէ ու միութիւնները չեն. բոլորս ենք՝ միասնաբար։ Իսկ ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս կու տանք, ինչպէ՞ս կը մշակենք մեր օրըստօրէ սակաւցող ածուները։
Նախակրթարանի տղուն համար ընդհանրապէս ուսուցչուհին անառարկելի հեղինակութիւն է (եթէ, անշո՛ւշտ, կարող է արժանանալ այդ դիրքին)։ Հոն տղան ընդհանրապէս կը ջանայ սորվիլ տրուածը, մրցիլ ալ ընկերներուն հետ։
Այնուհետեւ կու գայ «գիտակցութիւնը». իններորդին «կը յայտնաբերեն», թէ հայերէնը այնքան ալ չ՛ազդեր իրենց «ապագային», ու մայրերու լուռ կամ խրախուսող հաւանութեան տակ՝ տղաք կը սկսին ոչ միայն անտեսելու մայրենին, այլ, յաճախ, վախկոտի, ծոյլ ու նահանջող անբանի իրենց դէմքը ծածկելու ճիգին մէջ՝ լկտիանալ՝ ծաղրելով սորվողը…
Մեղքը մայրերուն չէ միայն, սակայն մեծ բեռն իրենց է, իսկ նախակրթարանի ու միջնակարգի ուսուցչուհիներ թող իրենց վերապահուած հսկայական դերին անդրադառնան, որպէսզի բարձր կարգերու մէջ չլսենք տղոցմէ՝ «Օրիո՛րդ, ես հայերէնը կ՛ատէի՜…» սահմռկեցնող հաստատումը։
Թերեւս տեղը չէր մանկավարժական այս շեղումին, սակայն Վարդանանց խորհուրդը ինչի՞ մէջ է…
***
Հանգէ՜ք իմ որբե՜ր, ի զո՜ւր են յուզմունք, ի զո՜ւր եւ անշահ…
Մարդակեր գազան՝ մարդը՝ դեռ երկար էսպէս կը մնայ…
Յ. Թումանեան
Ստորեւ աշակերտի մը շարադրութենէն հատուած մը կը ներկայացնեմ, սրբագրելով միայն լեզուական աչքառու սխալներ կամ անհարթութիւններ։ Ան չուզեց իր անունը յայտնել։ 2013ի ամրան պատահած դէպք, որուն ժայթքումը այսօր կը կատարուի, երբ առիթ կ՛ընծայուի։ Պատանիին խօսքը կարդալէ առաջ խորունկ շունչ առէք.
«…Ես շատ կը խօսիմ մահուան մասին, քանի որ ես ալ անոր հարուածին տակ ինկայ։ Ի՜նչ կը նշանակէ, երբ զաւակ մը վերջի՛ն անգամ իր մայրը տեսնէ ու լսէ մեռնող մօր վերջին խօսքը, կամ մնայ անճարակ ու չիմանայ, թէ ինչպէ՜ս անոր վերջին յարգանքը տայ… մինչ անդին վիրաւոր են իր հայրն ու քոյրը ու անոնց ալ տէր պիտի դառնայ։ Ի՜նչ կը նշանակէ, երբ քաղաքէն հեռու, ճամբուն կէսին, ուր գոնէ մէկ մարդ չկայ, ան հրաձգութենէն փախչիլ, փրկուիլ ուզէ, բայց նոյն ատեն միայնակ մնայ՝ նահատակուած մայրը ու վիրաւոր հարազատները չկարենալով ձգել…
Ես ապրեր եմ այդ ամէնը մէկ վայրկեանի մէջ։ Մէ՛կ վայրկեանի մէջ ընտանիքս քանդուեցաւ, մէ՛կ վայրկեանի մէջ աշխարհս քանդուեցաւ, մէ՛կ վայրկեանի մէջ ապագաս փոխուեցաւ։ Ու այս ամէնը՝ մէկ վայրկեանի մէջ։ Ապա երեւակայեցէ՛ք, թէ այս պատերազմին սկիզբէն մինչեւ հիմա քանի՜ վայրկեաններ անցեր են, քանի՜ ընտանիք կործաներ է ու քանի՜ անձեր կորսուեր՝ հոգուով կամ մարմինով։
Աւելին չեմ կրնար ըսել, միայն՝ պատերազմի դաշտին մէջ կ՛ապրինք ու պէտք է շարունակենք կռուիլ, դիմադրել, որպէսզի յաջորդ օրն ալ ապրինք… Կեանքը կը շարունակուի…»:
Ինչպէս կը տեսնէք, տղեկը քանի մը ամիսներու մէջ հասունցեր է, այլեւս փիլիսոփայօրէն կը մօտենայ։ Ան մեծ աշխարհ մուտք գործեց ցաւի ու տառապանքի դռնէն, բայց անոր ճիչը նոյնիսկ մեղադրանք չէ, աշխարհին ծանօթացողի շփոթ է ու զարմանք մեր՝ «քաղաքակիրթ» աշխարհի դրուածքին հանդէպ (ամօ՛թ)։ Ան մէկ վայրկեանի մէջ կորսնցուցեր է մայր, ապրեր վիրաւոր հօր ու քրոջ տագնապը, բայց նաեւ մէկ վայրկեանէն աշխարհաճանաչում ձեռք ձգածի, մե՛ծ մարդու պէս կը խօսի այլես՝ «Այս է աշխարհը…». ան արդէն ունակ է ընդհանրացնելու հարցը։
Բայց դուն, որ ամէն օր կը տեսնես, թէ ինչպէս իր ցաւը հոգւոյն խորերը պահած՝ կը ժպտի՜ ալ աշխարհին (դա՜ռն ժպիտ), չես կրնար նոյնպէս համեմատութեան չերթալ։ Եւրոպայի մէջ նման պարագաներու (բայց ո՞ւր հոն նման պարագայ, ըսենք՝ շա՜տ աւելի թեթեւ պարագաներու) անմիջապէս հոգեբան կը տրամադրուի՝ ենթակային հոգեկանը կանոնաւորելու. իսկ հո՞ս. ո՞վ պիտի բերէր այդ հոգեբանը՝ ամայի վայրին մէջ ընտանիքին կորուստէն սոսկահար սա տղուն, կամ ո՞ր մէկուն համար, երբ հոս հոգեբաններու բանակի՜ պէտք ունինք։
Ո՜վ միտքին ծայրէն իսկ անցուցած է, թէ հոգեբանի կամ հոգեբոյժի ալ պէտք ունին մարդկային հնագոյն մշակոյթի օրրան այս երկիրներուն մէջ՝ մանուկնե՛ր, որոնք աւերակներու տակէն ելան՝ հաշմուած հոգիով ու մարմինով, մանուկնե՛ր, որոնք փողոցը մնացին ու այլոց դռները՝ մուրացիկ, կամ՝ փողոցային ստահակ, մանուկնե՛ր, որոնք բռնաբարուեցան, իրենց մանուկի աչքերով տեսան մարդոց մորթուիլը ու նաեւ՝ մեծ «ամմօ»ներու յորդորանքով «այր մարդ» եղան ու իրենց փոքրիկ ձեռքերովն իսկ իրենք ալ մորթեցին… ոչ միայն անմեղ զոհը, այլ նաեւ իրե՛նց հոգին, մանաւանդ իրե՛նց հոգին, յաւիտեա՜ն…
***
Պատկեր Ա.
Մէկուն կու տաս սելով փետ,
Մէկուն չես տար ցախ, Աստուա՛ծ…
Ֆրիկ
Այլեւս ամէն օր հոն է ան, նոյն պատին տակ, նոյն տեղը, նոյն դիրքով գետնին նստած։ Ծունկերը ծալած ու հաւաքած է թեւերուն մէջ, գլուխը՝ ծունկերուն դրած. դէմք չ՛երեւիր. միայն կծկտած նիհարիկ ու պզտիկ մարմին մը ութէն տաս տարեկան տղու ու աղտոտ, բոպիկ ոտքեր։ Առջեւը դրուած լրագիրի կտորին վրայ դրամ հազուադէպ կ՛ըլլայ։ Մարդիկ կ՛անցնին առանց նայելու մանկան, առանց լսել ուզելու անոր հազիւ լսելի հեկեկանքը, հաւանաբար խորհելով (ինծի՛ պէս) թէ մուրացիկ կը խաղայ տղան, պաղ ու աղտոտ մայթին իր վտիտ մարմինը կծկած…
Մինչդեռ այս օրերուն ամէն կողմ գետնին ու մայթերուն կամ թռչուններուն համար մանրուած, կամ բորբոսած հացի կապոցներ են…
Պատկեր Բ.
Տղայէն քանի մը շէնք անդին է շունը, նոյնպէս՝ պատերազմի զոհ, նոյնպէս՝ լքուած, նոյնպէս՝ մուրացիկ։ Ազնուազարմ կենդանի է, խոշոր, գեղեցիկ ու մարդամօտ։ Բնակիչներէն ոմանք մէկ երկու օր աւելցուկներ նետեցին իրեն, ապա ձանձրացան իր մշտական ներկայութենէն ու դադրեցան կերակրելէ, որպէսզի հեռանայ։ Միայն անցնող դարձողները խօսքով կը կերակրեն՝ «հարա՜մ» մրմնջելով։ Ամէն անգամ որ բնակիչներէն մէկը ելլէ շէնքէն, ան սիրոյ ու հաւատարմութեան ցոյցեր կ՛ընէ ու կը սպասէ։ Մարդիկ վախկոտաբար կը փախչին։ Օրերէ ի վեր անիկա կը սպասէ ու չի կրնար հասկնալ մարդոց պաղիլը իրմէ, այն ատեն, երբ ինք նոր տէր գտած անոնց մէջ, նստեր՝ շէնքը կը հսկէ։
Օ՜, շուն, հեռացի՛ր, սիրելի՜ս, գտի՛ր քու կտոր մը սնունդդ թէկուզ աղբանոցին մէջ ու միայն ինքդ եղիր քու տէրդ, քանի որ մարդիկ շուտ կը ձանձրանան ու կը լքեն իրենց հաւատարիմները։ Անոնք կը խուսափին հաւատարիմներէն, քանի որ իրենք չունին այդ ապրանքէն։ Ու զքեզ հիմա կը պատժեն զայն ունենալուդ համար։
Անոնց քով դուն ո՛չ ազնուականութիւնդ եւ ոչ ալ հաւատարմութիւնդ կը գտնես, շո՛ւն, հեռացիր մարդերէն…