
«Կը Ծագի Նաեւ Հետեւեալ Հարցականը՝ Այսօր Ո՞վ Ազատօրէն Պիտի Ղեկավարէ Ֆրանսայի Թեմը»
Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթը Փարիզի Կրօնական ընկերակցութեան ատենապետ Գեղամ Թորոսեանի հետ ունեցած է Ֆրանսայի թեմին մասին տեղեկութիւններով հարուստ հարցազրոյց մը, զոր յապաւումներով կը փոխանցենք ստորեւ.
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Քանի՞ տարիէ ի վեր եկեղեցւոյ կը ծառայէք:
ԳԵՂԱՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Փարիզ ծնած եւ մկրտուած եմ: 1949ին, երբ եկեղեցւոյ յարկին տակ հայերէնի դասընթացք մը սկսաւ՝ տէր Ադդէ Փայլակեան քահանայի միջոցով, Սեդրակ Գարակէօզեանի եւ Յասմիկ Քիւթներեանի օրօք, հոն արդէն հայերէն գրել-կարդալ սորվեցայ: Այնուհետեւ, զինուորական ծառայութենէս ետք, 1956-57 տարիներէն սկսեալ, շուրջ 30 տարի տեղւոյն Արա Պարթեւեանի եկեղեցական երգչախումբին մաս կազմեցի: 70ական թուականներուն Սերովբէ սրբազան հօր առաջարկով եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամակցեցայ եւ այդ ուղղութեամբ շարունակեցի եկեղեցական ծառայութիւնս: 1989ին նոյն հոգաբարձութեան ատենապետ ընտրուեցայ, աւելի ուշ՝ վարչութեան, նաեւ աւելի ուշ՝ օրուան Կրօնական ընկերակցութեան, որ կը համախմբէր փարիզեան չորս եկեղեցիները՝ Փարիզ, Ալֆորվիլ, Առնուվիլ եւ Իսի, պատգամաւոր, ապա 1996էն սկսեալ նոյն ընկերակցութեան Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ մինչեւ 2005, երբ չընդունեցի վերընտրուիլ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Փարիզի եկեղեցւոյ պատմութիւնը դուք գրի առած էք:
ԳԵՂԱՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- 1994ին, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90ամեակին առիթով, ես հատորի մը մէջ ամփոփած էի մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը՝ Գիւտ արք. Նագգաշեան սրբազան հօր օրերուն: Այդ տարին (Օգոստոս 18ին) զուգադիպեցաւ Վազգէն կաթողիկոսի վախճանման, եւ հետեւաբար ջնջուեցան բոլոր նախատեսուած տօնակատարութիւնները, բայց գիրքը (հայերէն-ֆրանսերէն), որ այսօր գրեթէ սպառած է, հրատարակուեցաւ 1995 Յունուարին: Յայտնեմ, որ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 100ամեակը նշուեցաւ 2004ին, սակայն գէշ պայմաններու մէջ, քանի որ ճիշդ այդ ժամանակ յայտնի դարձան Գիւտ սրբազանին առնչուող ոչ բարեացակամ լուրջ կասկածները: Միայն այդ տօնակատարութեան գրքոյկը պատրաստեցի, որմէ դեռ քանի մը օրինակ տրամադրելի է:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Գիտենք, որ 1984ին Գիւտ սրբազան առաջնորդական աթոռը ստանձնեց: Դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ ժամանակաշրջանը:
ԳԵՂԱՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Սերովբէ սրբազանի վախճանումէն (7 Փետրուար 1984) ետք, Գիւտ սրբազան Մայիս 9ին ընտրուեցաւ իբրեւ առաջնորդ: Օրուան կաթողիկոս Վազգէն Ա. Յուլիս 5ին պաշտօնապէս վաւերացուց ենթակային ընտրութիւնը, սակայն ժամանակաւորապէս՝ պայման առաջադրելով մէկ տարուան ընթացքին ստեղծել Ֆրանսայի թեմը (մէկ կամ երեք թեմ՝ Փարիզ, Լիոն, Մարսէյ): Ի վերջոյ, մէկ թեմ որոշեց: Տարիներու ընթացքին Գիւտ սրբազանի մեղսակցութեամբ թեմական կանոնագիրը չմշակուեցաւ: Ան միշտ պայքարեցաւ, որպէսզի Ֆրանսայի բոլոր եկեղեցիները միանան Փարիզին:
Ինչ կը վերաբերի Ս. Էջմիածինի կանոնագիրին, որուն մասին յստակօրէն նշում կատարուած է Վազգէն Ա.ի վերջին կոնդակին մէջ, Գարեգին Ա. կաթողիկոսի օրով էր որ պատրաստուեցաւ եւ լոյս տեսաւ 26 Փետրուար 1999ին, սակայն դժբախտաբար զուգադիպելով վեհափառ հօր վախճանման թուականին, չվաւերացուեցաւ եւ առկախ մնաց:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ընտրութիւնը, եւ արդէն շուրջ 15 տարի անցած է եւ տակաւին այդ մասին խօսք մ՛իսկ չկայ, նոյնիսկ՝ ծուխերուն, թեմերուն եւ պատրիարքարաններուն կանոնագիրները ամբողջացնելու մասին: Յամենայնդէպս, ես այդ հարցը բազում անգամներ արծարծած եմ, սակայն որեւէ արդիւնքի չէ յանգած, եւ Եկեղեցական Ազգային ժողովը, որ կանոնագիրը վաւերացնելու իրաւասութիւնը ունի, չհրաւիրուեցաւ:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ի՞նչն է Գիւտ սրբազանին հետ բուն հարցին պատճառը:
ԳԵՂԱՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Ծանօթ է, որ եկեղեցւոյ վարչութիւնը 2005էն առաջ կասկածներ ունէր սրբազանին հանդէպ՝ եկեղեցւոյ գանձանակէն իւրացումներու մասին: Սակայն փաստ չունէր: Իսկ 2005ին փաստուեցաւ, որ ենթական դրամաշորթութեամբ զբաղած է՝ ուղղակի եկեղեցիին դրամատունէն: Ան այդ գումարէն մաս մը 2005 Սեպտեմբերին վերադարձուց: Ատկէ զատ, 2005ի գարնան՝ Կրօնական ընկերակցութեան ընտրութիւնները բոլորովին կեղծեց, ընտրութեան յաջորդ օրը նոր հրաշք-քուէներ աւելցնելով եւլն., այն աստիճան որ ընտրական մարմինը մերժեց արդիւնքը վաւերացնել: Կը բաւէ տեսնել այն ատենուան լրագիրները:
1993ին, Գլոտ Մութաֆեանի առաջարկով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. վեհափառը իր աջակցութիւնը բերաւ, որպէսզի Փարիզի Սորպոն համալսարանին մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպուի «Կիլիկիոյ Հայկական թագաւորութեան շրջան»ը նիւթով: Գլոտ Մութաֆեան ինծի կոչ ըրաւ, իբրեւ այդ գործին մասնագէտ, արհեստագիտական կազմակերպութեան եւ ներկայացումի բաժինին համար: Այդ ցուցահանդէսը մեծ յաջողութիւն գտաւ եւ նախագահ Միթերանն ալ բացումը կատարեց վեհափառին հետ:
1998ին, Գարեգին Ա. կաթողիկոսին (Սարգիսեան, այս անգամ իբրեւ Ամենայն հայոց վեհափառ) եւ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապին համաձայնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ, ուրիշ շատ աւելի ընդարձակ ցուցահանդէս մը որոշուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ, կրկին Գլոտ Մութաֆեանի գլխաւորութեամբ պատրաստուած «Ռոմա-Արմէնիա» ցուցահանդէսը, Վատիկանի մէջ, որ բացուեցաւ 1999 Ապրիլին: Նոյնպէս, Գլոտ Մութաֆեան եւ վեհափառը ինծի վստահեցան արհեստագիտական կազմակերպութիւնը եւ ներկայացումի բաժինը, եւ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը փափաքեցաւ, որ ցուցահանդէսի հաշիւներն ալ բռնեմ: Կը յիշեմ, շատ յուզիչ էր, երբ բացման օրը Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, որ այլեւս խօսելու կարողութիւն չունէր, ինծի հետ գրաւոր կը հաղորդակցէր… Ի միջի այլոց նշեմ, թէ ցուցահանդէսին նիւթապէս օժանդակած էին Լոնտոնէն Վաչէ Մանուկեան՝ 250 հազար տոլարով, իսկ «Կիւլպէնկեան» հաստատութիւնը 50 հազար տոլար յատկացուցած էր պատկերազարդ ցուցակին (catalogue) տպագրութեան համար: Սակայն մեր ծախսերը աւելի ըլլալով, դարձեալ Վաչէ Մանուկեան, Գարեգին Բ. կաթողիկոսին միջամտութեամբ, վեց ամիս ետք 30 հազար տոլար եւս նուիրեց, որպէսզի կարենանք փակել հաշիւները: Յատկապէս ցուցահանդէսին համար դրամատնային հաշիւներ բացած էի թէ՛ Փարիզի եւ թէ Հռոմի մէջ, իսկ Վաչէ Մանուկեանին նուիրած գումարները, նախքան դրամատան մեր հաշիւին արձանագրուիլը, Գիւտ սրբազանէն կ՛անցնէին:
Բոլոր հաշուեթուղթերը, փաստաթուղթերը եւ արհեստագիտական թղթածրարները դեռ քովս ունիմ: Ցուցահանդէսի աւարտին (1999) քանի մը անգամ առաջարկեցի հաշուեկշիռները եւ թղթածրարները Էջմիածին փոխանցել, բայց թէ՛ Գիւտ սրբազան եւ թէ Գարեգին Բ. կաթողիկոս ըսին որ քովս պահեմ: Երբ Փարիզի եկեղեցւոյ հաշիւներուն շուրջ «առեւանգուած» գումարներուն հարցը ծագեցաւ, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ինձմէ խնդրեց իրեն ուղարկել ցուցահանդէսին թղթապանակը, ինչ որ ըրի 2005 Ապրիլին՝ բոլոր հաշիւներուն մանրամասն դասակարգուած պատկերովը: Այն ատեն կասկածներ եղան, որ Ս. Էջմիածինի անունով անծանօթ հաշիւ մը բացուած է Փարիզի դրամատան մը մէջ:
Նոյն շրջանին ծագեցաւ Խաչիկոֆի (մահացած 26 Մայիս 1997ին) հարցը: Խ. Խաչիկոֆը Պելճիքայի Հայկական միութեան ատենապետն էր եւ սերտ յարաբերութիւն ունէր Գիւտ սրբազանին հետ: Երբ Խաչիկոֆ կինը կորսնցուց եւ ապա ֆիզիքապէս տկարացաւ, փափաքեցաւ իր ունեցուածքը կտակել Պելճիքայի եկեղեցւոյ ու Հայկական միութեան: Այս հարցին միջամտելով՝ իրեն թելադրուեցաւ, որ աւելի լաւ կ՛ըլլայ կտակը եւ գումարները Փարիզ ղրկել, որպէսզի աւելի լաւ վերահսկողութեան տակ գտնուին եւ հարկ եղած պարագային Փարիզի եկեղեցին յատկացում կատարէ Պելճիքայի եկեղեցւոյ եւ նախատեսուած գումար մը վերապահէ Պելճիքայի մէջ բացուելիք հայկական հանգստեան տան մը համար: Գիւտ սրբազանը ինքզինք ներկայացուց իբր կտակին միակ մատակարարը, ինչ որ ճիշդ չէր: Քանի մը տարօրինակ դէպքեր պատահեցան կտակի բացումին ընթացքին. նախ 50 հազար տոլարի անյայտացած գումարի հարց մը եղաւ. ապա Պրիւքսէլի մէջ գոյութիւն ունեցող յարկաբաժին մը, որուն վարձքերը պիտի օգտագործուէին ըստ կտակին՝ տեղական եկեղեցւոյ հոգեւորականը վարձատրելու համար, ծախուեցաւ: Նօտարին տուած բացատրութիւնները զարմանալի թուեցան: Այդ կտակը երկու մասի բաժնուեցաւ. գլխաւոր բաժինը տրամադրուեցաւ հանգստեան տան մը ստեղծման նպատակին, որ դեռ ուսումնասիրութեան մէջ է Պելճիքայի հայոց կողմէ եւ աւելի փոքր գումար մը, որուն դրամատան կողմէ տրուած տոկոսները Պրիւքսէլի եկեղեցւոյ կը փոխանցուին ամէն տարի:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Թեմի կազմութենէն ի վեր ընդհանուր առմամբ ինչպէ՞ս կը գնահատէք կացութիւնը:
ԳԵՂԱՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Երբ 2003 Նոյեմբերին խումբով, վեհափառին հետ Ս. Էջմիածինէն Փարիզ վերադարձանք, քանի մը հոգիներ նշանակուեցան Փարիզէն, Լիոնէն, Մարսէյէն, Վալանսէն, որպէսզի թեմին կանոնագիրը ուսումնասիրուի Նորվան սրբազանին ատենապետութեամբ, ես ալ՝ որպէս քարտուղար: Շատ ժողովներ ըրինք, եւ այդ հանդիպումներուն միա՛յն մէկ անգամ ներկայ գտնուեցաւ Գիւտ սրբազանը: Ի վերջոյ, 1 Ապրիլ 2004ին, Էջմիածին յանձնեցինք մեր ուսումնասիրութեանց արդիւնքը: Այնուհետեւ՝ մէկուկէս տարի ետք, դիմեցին մեզի նախատեսուած կանոնագիրի մասին այլ առաջարկներ ներկայացնելու նպատակով: Առաջարկները ընդհանրապէս մերժուեցան (փոխանորդագիր մը՝ ամուսին-կին, նախապէս թեկնածուի կոչ, ապահովագրեալ նամակով քուէ…): Յամենայնդէպս կանոնագիրը վաւերացուեցաւ 2005 Սեպտեմբերին, Ֆրանսայի բոլոր ծուխերը ստորագրեցին՝ բացի Նիսէն, ուր առկայ էին ներքին կազմակերպական խնդիրներ:
Մինչեւ Մարտ 2006 թեմական պատգամաւորները ընտրուեցան, 19 Յուլիս 2006ին ֆրանսական կառավարութիւնը թեմը արձանագրեց, 10 Դեկտեմբեր 2006ին Ֆրանսայի թեմը հռչակուեցաւ, 17 Փետրուար 2007ին Թեմական դիւանն ու Թեմական խորհուրդը ընտրուեցան, եւ 22 Յունիս 2007ին առաջին առաջնորդը ընտրուեցաւ…
Դժբախտաբար Նիսի տագնապը 2009էն ի վեր ամէն ինչ փտեցուց՝ մանաւանդ արտաքին միջամտութիւններու պատճառներով: Խորհուրդի դիւանէն Ժագ Փանոսեան եւ Գրիգոր Փափազեան, նախքան առաջին շրջանին աւարտը, հրաժարական ներկայացուցին, եւ ես ալ՝ 2010ին, այսինքն՝ մեր գործունէութեան շրջանի աւարտին չուզեցի դարձեալ թեկնածու ըլլալ: Ապա ընտրուեցաւ նոր Թեմական խորհուրդը, որ Դեկտեմբեր 2014ին շրջանաւարտ պիտի ըլլայ: Այս ընթացքին, բացի 2009ին Կրընոպլի եկեղեցւոյ գնումէն (Պահատուրեանի եւ տեղացի հայերուն նուիրատուութիւններով, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի դատէն ետք «Աքսա»էն ստացուած 100 հազար տոլարով), կամ ինչպէս վերը նշեցի՝ պատարագի գիրքին հրատարակութենէն, շատ ակնառու մեծ գործունէութիւն չենք ունեցած եւ շատ բան չէ փոխուած: Որպէս ձեռքբերում թերեւս կարելի է նշել հաւաքական հոգին եւ յոյսը: Կը ծագի նաեւ հետեւեալ հարցականը՝ այսօր ո՞վ ազատօրէն պիտի ղեկավարէ Ֆրանսայի թեմը: Գիտէ՞ք, ես բնաւ չզարմացայ ի տես Նորվան սրբազանի հրաժարականին:
Շատ լաւ գիտէք, որ Նորվան սրբազանին հրաժարումէն շուրջ 15 օր առաջ Մեսրոպ վրդ. Պարսամեան Մարսէյի շրջանի փոխանորդ նշանակուեցաւ 13 Յունիս 2013ին, ուղղակի վեհափառին կողմէ՝ առանց կանոնագիրը յարգելու:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ֆրանսայի առաջնորդական ընտրութեան առումով երեք անուն վաւերացուեցաւ կաթողիկոսին կողմէ, եւ առաջնորդութեան թեկնածու Վիգէն արք. Այգազեան հրաժարեցաւ իր թեկնածութենէն: Այսօր այս ուղղութեամբ ամբողջ գործընթացը կասեցուա՞ծ է:
ԳԵՂԱՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Այո՛, եւ ընտրութեան կազմակերպութիւնը պիտի վերսկսի:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Բայց նման գործելակերպ օրինակա՞ն է:
ԳԵՂԱՄ ԹՈՐՈՍԵԱՆ.- Գիտէք, գրեթէ նման դէպք պատահեցաւ Մոնթրէալի մէջ, եւ հակառակ անոր որ ընտրութիւնը կայացաւ, արդիւնքը վեհափառ հայրապետին վաւերացման չարժանացաւ՝ մէկ հոգիի վերջին վայրկեանի հրաժարման պատճառով: Մեր ունեցած կանոնագիրը երեք թեկնածու կը պարտադրէ առաջնորդ ընտրելու համար, հայր Զատիկը եւ կամ հայր Գրիգորը կրնան իրենց թեկնածութիւնը կրկին դնել:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»