
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի սպառնալիքը, որ վրէժ պիտի լուծէ Սուրիոյ մէջ ոեւէ մէկէն, որ կը յանդգնի վնասել Օսմանեան կայսրութեան հիմնադիր, Օսմանի մեծ հայր՝ Սուլէյման շահի դամբարանը, թրքական կառավարութեան կեղծաւորութեան վերջին դրսեւորումն է:
Ահա երկիր մը, որ ցեղասպանութեան ենթարկած է իր միլիոնաւոր քրիստոնեայ հպատակները (հայեր, ասորիներ եւ յոյներ), բռնագրաւած է անոնց ունեցուածքը, զաւթած անոնց հողերը, աւերած հազարաւոր եկեղեցիներ, գերեզմանատուներ եւ մշակութային յուշարձաններ, եւ տակաւին կը յանդգնի զգուշացնել սուրիացիները՝ նախքան հնագոյն օսմանեան գերեզմանի մը որեւէ վնաս հասցնելը:
Թէեւ ամէն մարդու գերեզման արժանի է պաշտպանութեան եւ յարգալից վերաբերումի, սակայն Տաւութօղլուի սպառնալիքը անհիմ արդարացում է Սուրիոյ ներքին գործերուն միջամտելու համար: Ճակատագիրի հեգնանքով, Սուլէյման շահի գերեզմանը կը գտնուի այնպիսի տարածքի մը մէջ, որ կը վերահսկուի ոչ թէ սուրիական կառավարութեան, այլ «Քայիտա»ի ժիհատականներու եւ այլ ապստամբ խումբերու կողմէ, որոնց կ՛օգնէ եւ կը զինէ Թուրքիան՝ Պաշշար Ասատի վարչակարգը տապալելու համար: «Քայիտա»ի զինեալները, որոնք օսմանեան դամբարանի տարածքին բախումի մէջ են հակակառավարական այլ խմբաւորումներու հետ, իրենք է որ կ՛ոչնչացնեն գերեզմանները, քանի որ արմատական իսլամականները կը կարծեն, թէ շիրիմներու պաշտամունքը կռապաշտութիւն է:
Սուրիոյ մէջ գտնուող հողատարածքը, ուր Սուլէյման շահի դամբարանը կայ, Թուրքիոյ կողմէ կը նկատուի ինքնիշխան թրքական տարածք, համաձայն 1921 թուականի Անգարայի պայմանագիրին՝ ստորագրուած Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ, որ այդ ժամանակ գրաւած էր Սուրիան: Ըստ այդ պայմանագիրին, Թուրքիան իրաւունք ունէր այդ վայրին մէջ պահակախումբ տեղակայելու եւ բարձրացնելու իր դրօշը: 1921 թուականէն սկսեալ երկու տասնեակ թուրք զինուորականներ շուրջօրեայ դրութեամբ կը հսկեն դամբարանը:
Անգարայի պայմանագիրի 9րդ յօդուածով Թուրքիոյ յատկացուած է 8000 քառ. մեթր մակերեսով սուրիական տարածք՝ թուրք-սուրիական սահմանէն 80 քմ. դէպի հարաւ: Երբ 1974 թուականին գերեզմանի շրջակայ տարածքը ողողուեցաւ նորակառոյց «Ասատ» լիճի ջուրերով, գերեզմանը տեղափոխուեցաւ Թուրքիոյ սահմանէն 35 քմ. հեռաւորութեան վրայ գտնուող այլ վայր մը: Հակառակ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն՝ Թուրքիան կը շարունակէր իր զօրախումբը պահել գերեզմանին մօտ:
Թուրքիոյ այս հինաւուրց վայրին նկատմամբ տարածքային իրաւունքներ տալու փոխարէն՝ Ֆրանսան ձեռք բերաւ շարք մը տնտեսական զիջումներ, որոնց շարքին՝ իրաւունք, որով ֆրանսական ընկերութիւնները կարենան տնօրինել երկաթուղային երթեւեկութիւնը թրքական տարածքին մէջ եւ շահագործել երկաթի, քրոմի ու արծաթի հանքավայրերը յառաջիկայ 99 տարիներուն: Այս վիճելի փոխզիջումը օրինական չի կրնար նկատուիլ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէ, քանի որ գաղութարար պետութիւնը կը փոխանակէ ուրիշի մը տարածքը:
1921 թուականի պայմանագիրով նաեւ սահմանուած էր «յատուկ վարչակարգ» Ալեքսանտրէթի շրջանին մէջ ապրող թուրքերու համար, որ ֆրանսական հովանաւորութեան տակ գտնուող սուրիական տարածք էր: 1939 թուականին Ալեքսանտրէթը ամբողջութեամբ անջատուեցաւ Սուրիայէն եւ պաշտօնապէս կցուեցաւ Թուրքիոյ՝ իբրեւ Հաթայի գաւառ: 1946 թուականին Ֆրանսայէն իր անկախութիւնը ձեռք բերելէն ետք Սուրիոյ կառավարութիւնը ճանչցաւ Թուրքիոյ ինքնիշխանութիւնը այն տարածքին առնչութեամբ, ուր կը գտնուի Սուլէյման շահի դամբարանը, սակայն երբեք չընդունեց Ալեքսանտրէթի յանձնումը Թուրքիոյ:
Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն անցեալ ուրբաթ Վան քաղաքի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զգուշացուց, որ որեւէ յարձակում Սուրիոյ մէջ գտնուող օսմանեան ժամանակաշրջանի գերեզմանին վրայ «(սուրիական) վարչակազմի, արմատական խումբերու կամ ոեւէ այլ մէկու կողմէ, պիտի արժանանայ Թուրքիոյ հակայարձակումին: Իր ինքնիշխան տարածքը պաշտպանելու համար Թուրքիան առանց վարանելու պիտի ձեռնարկէ բոլոր կարելի միջոցներու Ներկայիս որեւէ վտանգ չկայ մեր տարածքներուն (գերեզմանը Սուրիոյ մէջ է) եւ զինուորներու վրայ յարձակելու, սակայն մենք պատրաստ ենք ամէն քայլի՝ սպառնալիքի առկայութեան պարագային: Թրքական հասարակութիւնը կասկածի նշոյլ անգամ պէտք չէ ունենայ այս առումով»: Մինչդեռ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, գլխաւոր սպայակոյտի եւ ազգային հետախուզական կազմակերպութեան պաշտօնեաները Մարտ 13ին հանդիպած են, որպէսզի քննարկեն շահի գերեզմանի անվտանգութեան հարցը: Թէեւ Տաւութօղլու չէ յստակացուցած, թէ Թուրքիան ինչ միջոցներ պիտի ձեռնարկէ, սակայն թրքական լրատուամիջոցները կ՛ենթադրեն, որ ան կրնայ յաւելեալ զօրքեր ուղարկել իրենց պաշտամունքի վայրը հսկելու համար:
Իմ կարծիքով, Տաւութօղլուի սպառնալիքը պարզապէս Սուրիոյ դէմ սուր ճօճելու փորձ մըն է՝ շեղելու թուրք հասարակութեան ուշադրութիւնը վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին աղմկայարոյց եւ հաւանական յանցաւոր վարքագիծէն, Թուրքիոյ մէջ մարտ 30ին կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախաշեմին:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը