PERIO NEWS կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ին Քեսապի վրայ եղած յարձակումին հետեւանքով Քեսապցի քապաստան գտան Լաթաքիա, որոնցմէ մաս մը տեղաւորուեցաւ իրենց հարազատներուն մօտ, իսկ ուրիշներ Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից սրահներուն մէջ, ուր ամէն տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերուեցաւ: Ծովափի հայութեան (ԼԱԹԱՔԻԱ ՔԵՍԱՊ) շտապ օգնութեան գործադիր մարմինը, Սուրիական Կարմիր մահիկը, պետական կառոյցները, հայկական միութիւնները եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք, անկողին, ծածկոցներ եւ ամէնտեսակի կենսական նիւթեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ոգի Ի բռին…: