
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Թրքական հակաօդային ուժերը Կիրակի, Մարտ 23ին վար առին սուրիական ռմբաձիգ մը, որ կը հարուածէր Քեսապի շրջանին մէջ ընդդիմադիր զինեալներու դիրքերը: Սուրիական բանակը հակադարձեց՝ ռմբակոծելով Ելտաղըի մէջ զինեալներու կեդրոնները: Ըստ թրքական կողմին՝ սուրիական օդանաւը Թուրքիոյ օդային տարածքը բռնաբարած էր: Թուրքիա զգուշացուց Սուրիան, որ բուռն կերպով պիտի հակադարձէ՝ «եթէ իր օդային տարածքը դարձեալ բռնաբարուի»:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորեց թրքական օդուժը՝ սուրիական ռմբաձիգը վար առնելուն համար եւ նշեց. «Այսուհետեւ Թուրքիոյ հակադարձութիւնը բուռն պիտի ըլլայ»: Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւս շնորհաւորեց Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետը՝ նշելով. «Այս քայլը իր սահմանները պաշտպանելու Թուրքիոյ վճռակամութիւնը ցոյց կու տայ»:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ թրքական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը կրակած են օդանաւին ուղղութեամբ ճիշդ այն պահուն, երբ մտադիր էր յարձակում գործել Լաթաքիոյ նահանգին մէջ ընդդիմադիր զինեալներու դէմ: Սուրիական օդանաւը ինկած է Լաթաքիոյ Պահլուլիա գիւղին մէջ:
Դատապարտելով թրքական արարքը՝ նախարարութիւնը տեղի ունեցածը «նախայարձակումի անթաքոյց դրսեւորում» նկատեց: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ըսաւ, որ Թուրքիան պէտք է վերջ տայ այս յարձակողական քաղաքականութեան ու դադրեցնէ ահաբեկիչներուն տրամադրած օժանդակութիւնները։ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանէն ելոյթ ունեցած զինուորականներ պնդեցին, որ օդանաւը վար առնուած էր Սուրիոյ տարածքէն ներս, երբ անիկա կը հետապնդէր ապստամբներու ուժերը։ Անոնք ըսին, որ Թուրքիոյ պետութիւնը վերջ պէտք է տայ այս յարձակողական քաղաքականութեան ու հեռու մնայ Թուրքիան դէպի արկածախնդրութիւն տանելէ։ Անոնք նաեւ պնդեցին, որ Թուրքիա ազատ անցք կու տայ այն ահաբեկիչներուն, որոնք կ՛ուզեն Սուրիա երթալ ու կռուիլ պետական ուժերուն դէմ։
Թուրքիա-Սուրիա հակամարտութիւնը մտահոգութիւն պատճառած է նաեւ այլ դրացի երկիրներու, որոնցմէ մէկն է Իրանը։ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտիւլլահեան յայտնեց, որ Իրանի իշխանութիւնները մտահոգ են այս զարգազումերով։ Ան երկու երկիրները հրաւիրեց առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու, որովհետեւ զինուորական գործողութիւնները չեն նպաստեր կացութիւնը բարելաւելու ջանքերուն:
Այս առթիւ դիտել տրուեցաւ, որ Թեհրանի իշխանութիւնները շփումներ կ՛ունենան Սուրիա-Թուրքիա տագնապը մեղմացնելու ի նպաստ։
Մինչ այդ, «Մայատին» կայանը հաղորդեց, որ ցարդ աւելի քան 80 զոհ խլած Քեսապի բախումները կը շարունակուին: Սուրիական բանակը հակայարձակում մը գործած է սահմանային Նապահ Միր շրջանին մէջ: Սպաննուած են շարք մը ընդդիմադիր զինեալներ, որոնց շարքին՝ «Ճապհաթ Նուսրա»էն Ապտելմուհսեն Շարեխ, որ ծանօթ է «Ուասիքուլլահ» անունով, ինչպէս նաեւ «Օմար Մուխթար» ջոկատի ղեկավար Մուհամմատ Քաֆի: Քեսապիմուտքին արիւնալի բախումներ տեղի ունեցած են անձնագրային վարչութեան կեդրոնին մէջ. նաեւ տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ սպաննուած է նաեւ նախագահ Պաշշար Ասատի ազգական եւ շրջանի ինքնապաշտպանութեան ուժերու ղեկավար Հիլալ Ասատը:
Երկուշաբթի օր հաղորդուեցաւ, որ Քեսապը անցած է իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներու հակակշիռին տակ, որովհետեւ սուրիական բանակը ժամանակաւորապէս նահանջած է՝ պատրաստուելու համար յաւելեալ ուժերու հետ միատեղ հակահարուածի:
Նաեւ, ըստ «Արմէնփրէս»ի մէկ աղբիւրին՝ թրքական բանակը, առանց սահմանը հատելու, լերան վրայէն կը ռմբակոծէ քաղաքը: Թրքական «Սոլհապեր» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քեսապի վրայ յարձակած «ահաբեկչական խմբաւորումները» իրենց յարձակումը շղթայազերծած են Թուրքիայէն, իսկ թրքական «Կրանտ Աֆերզ» թերթը նշեց, որ զինեալները թրքական օդային պաշտպանութիւն կը ստանան եւ որ «Թուրքիա եւ Քաթար, նախքան իրենց քաղաքական դիրքը փոխելը, վերջին պատգամները կ՛ուզեն փոխանցել»:
Թրքական «Կրանտ Սթրաթըճի» թերթը, իր կարգին կը նշէ, որ հիւսիսային Սուրիոյ դէմ յարձակումին նպատակը սուրիական բանակին թափը կտրելն է՝ Եապրուտի, Քալամունի եւ Հոսնի բերդին մէջ արձանագրած անոր յաջողութիւններէն ետք: