ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Լա Հէյի մէջ տեղի ունեցող համաժողովներու կեդրոնին մէջ կատարած է մամլոյ յայտարարութիւն մը՝ Քեսապի իրադարձութիւններուն վերաբերող: Նախագահը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ: «Մենք բոլորս շատ լաւ ենք յիշում Քեսաբի պատմութիւնը, որը վերջին հարիւրամեակի ընթացքում, ցաւօք, հարուստ է հայերի տեղահանման դժոխային իրողութիւններով», յայտնած է Սերժ Սարգսեան:
Ան յիշեցուցած է, որ Քեսապի շրջանին համար առաջին ծանր պատուհասը 1909 թուականին էր, երբ Ապրիլին թրքական զինուած ջոկատները ներխուժեցին Քեսապ: Հայերը ապաստանեցան Գարատուրանի լեռներուն մէջ եւ ծովեզերքը: Քեսապը հրկիզելէ ու թալանելէ ետք թուրքերը ուղղուեցան Գարատուրան, այրեցին ու կողոպտեցին վերին թաղի տուները: Հայերը ֆրանսական փոխադրանաւով տեղափոխուեցան Լաթաքիա: Գաղթականները մօտ մէկ տարի Լաթաքիոյ մէջ մնալէ ետք վերադարձան Քեսապ եւ վերակառուցեցին իրենց տուները:
Պատմական իրողութիւններուն անդրադառնալով՝ Սերժ Սարգսեան յիշատակած է նաեւ այլ թուական մը՝ 1915ը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան գաղթէն եւ աքսորներէն անմասն չմնաց նաեւ Քեսապի բնակչութիւնը: Քեսապցիները աքսորուեցան երկու ուղղութեամբ՝ դէպի Տէր Զօր եւ դէպի հարաւ՝ մինչեւ Յորդանան: Հազարաւոր քեսապահայեր զոհուեցան, մեծամասնութիւնը՝ Տէր Զօրի անապատներուն մէջ:
«Քեսաբի հայերի այսօրուայ՝ թուով արդէն երրորդ տեղահանութիւնը ազգային փոքրամասնութիւնների պաշտպանութեան 21րդ դարի մեխանիզմներին նետուած լրջագոյն մարտահրաւէր է: Կարծում եմ՝ բոլորը պէտք է գիտակցեն, որ ինքնըստինքեան առաջ եկող զուգահեռները սթափեցնող պէտք է լինեն բոլոր կողմերի համար», դիտել տուած է Սերժ Սարգսեան:
Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն՝ այս ծանր պահուն քեսապահայութեան պաշտպանութեան ի խնդիր ձեռնարկուող քայլերուն համար:
«Ես արդէն յանձնարարել եմ ՄԱԿի՝ Նիւ Եորքի եւ Ժընեւի գրասենեակներում Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններին՝ հետամուտ լինել մարդու իրաւունքների եւ ազգային փոքրամասնութիւնների հարցերով մասնագիտացուած կառոյցներում Քեսաբի հայութեան անվտանգութեան երաշխաւորման եւ նրանց բնակութեան մշտական վայրեր ապահով վերադարձի խնդիրներին», ըսած է նախագահ Սարգսեան։
Ստեղծուած իրավիճակին մասին Հանրապետութեան նախագահը 24 Մարտին խորհրդակցած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի համաձայն՝ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կ՛աշխատի քեսապահայութեան աջակցելու համար անհրաժեշտ ծրագիրին վրայ, որ պիտի իրականացուի ամբողջական կերպով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.