ՎԵՆԵՏԻԿ, «Ռոյթըրզ».- Վենետիկի բնակիչներուն 60 առ հարիւրը, Իտալիայէն անկախանալու վերաբերեալ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած հանրաքուէին ընթացքին, քուէարկած է անկախութեան օգտին:
Իտալիոյ Վենեթօ շրջանին մէջ, որուն մայրաքաղաքը Վենետիկն է, 2.2 միլիոն ընտրողներ «այո՛» քուէարկած են Իտալիայէն անջատուելու գաղափարին:
Հանրաքուէն կազմակերպած էր «Վենեթոյի անկախութիւն» կուսակցութիւնը: Ըստ քաղաքական մեկնաբաններու՝ հանրաքուէն միայն խորհրդանշական արժէք ունի, սակայն նշեալ կուսակցութիւնը արդէն իսկ յայտարարած է, որ մտադիր է հասնիլ իրական հանրաքուէ կատարելու իրաւունքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.