
ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանական «Տէօչը Վելէ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Վլատիմիր Ժիրինովսքի Լեհաստանին առաջարկած է հինգ ուքրանական շրջաններ իր տարածքին միացնելու կապակցութեամբ հանրաքուէներ կատարել: Նման ուղերձներ ստացած են նաեւ Հունգարիան ու Ռումանիան:
Ժիրինովսքիի առաջարկով՝ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ուղարկուած է Ռուսիոյ խորհրդարանէն պաշտօնական նամակ մը, որուն մէջ կ՛առաջարկուի մասնատել Ուքրանիոյ տարածքը. այս մասին հաղորդած է լեհական «Թի.Փի.Վի.1» պատկերասփիւռի կայանը:
Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Վլատիմիր Ժիրինովսքիի առաջարկները նկատած է «ա՛յն աստիճան տարօրինակ, որ ոչ մէկը անոնց նկատմամբ լուրջ վերաբերմունք կը ցուցաբերէ», յայտնած է նախարարութեան բանբերը: Իսկ Լեհաստանի նախագահի խորհրդական Թոմաշ Նալենչ խստօրէն քննադատած է Ժիրինովսքիի նախաձեռնութիւնը՝ յայտնելով, որ Ժիրինովսքիի նամակը «պէտք էր հոգեբուժի փոխանցել»: