
ՔԻԵՒ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Երեքշաբթի, Մարտ 25ին, Ուքրանիոյ խորհրդարանը ընդունեց ժամանակաւոր պաշտպանութեան նախարար Իկոր Թենիուխի ներկայացուցած հրաժարականը՝ անոր փոխարէն նշանակելով զօր. Միխայլօ Քովալը:
Թենիուխ իր հրաժարականը տալու ընթացքին նաեւ յայտնած էր, թէ Խրիմ գտնուող Ուքրանիոյ զինուորական ուժերուն 18,800 անդամներէն մօտաւորապէս 14,500ը հրամանատարներուն փոխանցած է, թէ կը նախընտրէ Խրիմ մնալ ու մաս կազմել ռուսական զինուորական ուժերուն:
Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտր Թուրչինով մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ ինք հրամայած է ուքրանական ուժերու Խրիմէն հեռացումը: Ան նշած էր, որ այդ որոշումը որդեգրուած է, որովհետեւ Ռուսիա վտանգած է զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կեանքը:
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Պի.Պի.Սի.» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ միայն երկու մարտանաւեր եւ ոստիկանութեան կեդրոն մը կը շարունակեն բարձրացնել ուքրանական դրօշը Խրիմի մէջ: Ռուս պաշտօնատարներ նախապէս յայտնեցին, որ ռուսական եռագոյնը կը ծածանի Խրիմի մէջ ուքրանական բանակի 189 կեդրոններու վրայ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ իր երկիրը եւ Եւրոպան Ուքրանիոյ կառավարութեան եւ անոր ժողովուրդին աջակցութեան հարցին մէջ միասնական կեցուածք ունին եւ անոնք նաեւ համաձայն են Ուքրանիոյ մէջ մինչեւ հիմա կատարուած արարքներուն համար Ռուսիոյ դէմ պատժական քայլեր առնելու գծով:
Օպամա հոլանտական «Վոլքսքրանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ Եւրոպան չի դիտեր իբրեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ մարտադաշտ: Մենք նաեւ Ուքրանիոյ իրադարձութիւնները չենք դիտեր իբրեւ զերօ արդիւնքով խաղ: Այս մտածողութիւնը պէտք է վերանար Պաղ պատերազմին հետ մէկտեղ: Ուքրանացի ժողովուրդը պէտք չէ ընտրութիւն կատարէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Ընդհակառակն, կարեւոր է, որ Ուքրանիան լաւ յարաբերութիւններ պահպանէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի հետ: Ինչպէս արդէն ըսած եմ՝ Ուքրանիոյ ապագան պէտք է որոշէ ուքրանացի ժողովո՛ւրդը: Կարեւոր է, որ Ռուսիան հասկնայ, թէ միջազգային ընտանիքը պիտի չճանչնայ Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խախտումը»:
Նշենք, որ Օպամա Հոլանտա կը գտնուէր մասնակցելու համար հիւլէական ապահովութեան հարցերուն նուիրուած միջազգային գերաստիճանի մը, որ սկսաւ Երեքշաբթի օր: Մէկ օր առաջ, Օպամայի հրաւէրով գումարուած էր Եօթներու խմբակի արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին որոշուած էր սառեցնել Ութերու խմբակին մէջ Ռուսիոյ անդամակցութիւնը եւ ազդարարութիւն կատարուած Մոսկուային, թէ աւելի ընդարձակ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին Ռուսիոյ դէմ, եթէ Մոսկուան Ուքրանիոյ արեւելեան կամ հարաւային շրջաններուն մէջ յաւելեալ տարածքներ գրաւէ:
Նշեալ գերաստիճանին համար Լա Հէյ գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Խրիմի տագնապէն ի վեր Ուքրանիոյ իր պաշտօնակից Անտրէյ Տեշչիցայի հետ ունեցաւ իր առաջին հանդիպումը, որմէ ետք յայտարարեց, թէ Քիեւի իշխանութեան փոխանցած է, թէ ինչպիսի՞ քայլերու պէտք է դիմել՝ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար, մինչ ուքրանացի նախարարը յայտարարեց, թէ Քիեւի մտահոգութիւնները փոխանցած է Ուքրանիոյ սահմաններուն վրայ ռուսական ուժերու կուտակումներուն կապակցութեամբ:
Լաւրով հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու իր պաշտօնակից Ճան Քերիի հետ՝ անոր փոխանցելով Ուքրանիան ինքնավար շրջաններէ բաղկացած դաշնակցային դրութեամբ ղեկավարուող երկիրի մը վերածելու ռուսական ծրագիրին մանրամասնութիւնները, զայն նկատելով ուքրանական տագնապի լուծման լաւագոյն տարբերակը: