ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներ՝ Սամուէլ Ֆարմանեանը, Արման Սահակեանը, Նայիրա Կարապետեանը, Թեւան Պօղոսեանը, Էդմոն Մարուքեանը եւ Լեւոն Մարտիրոսեանը գացած են Սուրիա: «Արմէնփրէս»ի համաձայն՝ պատգամաւորները տեղւոյն վրայ պիտի ծանօթանան Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն խնդիրներուն, քեսապահայութեան վիճակին, Քեսապի եւ յարակից բնակավայրերուն մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն:
Վերադառնալէ ետք անոնք Ազգային ժողովին պիտի ներկայացնեն իրավիճակը:
Միւս կողմէ, Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի նիստի յայտարարութիւններուն ատեն իր դժգոհութիւնը յայտնեց Սուրիա մեկնած պատգամաւորական պատուիրակութեան կազմէն: Ան նշեց, որ ուրախ է, որ Սուրիա գացած են խումբ մը պատգամաւորներ, սակայն ուրախ չէ անոր համար, որ Սուրիա գացած է միակուսակցական ձեւաչափով պատուիրակութիւն:
Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է այն իրողութեան, որ պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդդիմադիր գործիչներ ընդգրկուած չեն:
«Փառք Աստծոյ, Հայաստանի խորհրդարանը միակուսակցական չէ, եւ շատ աւելի կոռեկտ ու ճիշդ կը լինէր, եթէ պատուիրակութեան կազմում լինէին ներկայացուցիչներ նաեւ այլ քաղաքական խմբակցութիւններից: Քաղաքական մեծամասնութիւնն անընդհատ խօսում է երկխօսութեան կարեւորութեան մասին, սակայն անտեսել միւս կուսակցութիւններին, կարծում եմ՝ ճիշդ չէ: Ճիշդ հասկացէք, մենք խնդիր չունենք, քանի որ Դաշնակցութիւնը նաեւ Սիրիայում է փորձում պաշտպանել հայութեան այդ հատուածի գոյապահպանման խնդիրները, սակայն նման աշխատաոճը մեզ համար ընդունելի չէ», շեշտած է Աղուան Վարդանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.