
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութիւնը (AMAA) կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլ գտնուող ու միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու գործունէութիւնը համակարգող իր նոր գրասենեակին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է Շաբաթ, Յունուար 25ին:
Արարողութեան ներկայ եղած են զանազան կազմակերպութեանց եւ եկեղեցիներու մօտաւորապէս 80 ներկայացուցիչներ, որոնց բարի գալուստի խօսք ուղղած է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի գործադիր վարիչ Լեւոն Ֆիլեանը: Բացման աղօթքը կատարած է պատուելի Ռամ Թովմասեանը, իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան ողջոյնները փոխանցած վեր. Ճօ Մաթոսեանը, որ նաեւ ներկայացուցած է հիւր կրօնականները: Ընթացքին ելոյթներ ունեցած են առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Արտակ քհնյ. Տեմիրճեան, վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան, պատուելի Մկրտիչ Մելքոնեան, դոկտ. Ճոզէֆ Զերոնեան ու Յարութ Սասունեան:
Խմբային փակման աղօթքէն ետք, հիւրերը ծանօթացած են նոր կեդրոնին, ապա տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն: Նոր կեդրոնին հասցէն է՝ 1101 North Pacific Avenue, Suite 301, Glendale, CA 91202: