
31 Մարտին ՖԻՏԷն հրապարակած է աշխարհի 100 լաւագոյն-ներու ճատրակ խաղացողներու վարկանշային նոր աղիւսակը:
Լեւոն Արոնեան յաւակնորդներու մրցաշարքին ունեցած անյաջող ելոյթներէն ետք կորսնցուցած է 18 միաւոր, սակայն ան կը շարունակէ մնալ 2րդ դիրքի վրայ:
Դասակարգման աղիւսակը կը գլխաւորէ աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարսլըն, իսկ երրորդ դիրքի վրայ է յաւակնորդներու մրցաշարքի յաղթող՝ հնդիկ Վիշվանատան Անանտը:
Աւելցնենք, որ 3 հայ ճատրակ խաղացողներ եւս ընդգրկուած են լաւագոյններու շարքին մէջ. Գաբրիէլ Սարգսեան 63րդն է, Վլադիմիր Յակոբեան՝ 72րդը, իսկ Սերգէյ Մովսիսեան՝ 76րդը: