ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 2-4 Ապրիլին աշխատանքային այցելութիւն պիտի տայ Մոսկուա: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն յայտնած են, որ 2 Ապրիլին նախարար Նալբանդեան Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկին մէջ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ելոյթով: Յաջորդ օրը Էդուարդ Նալբանդեան պիտի մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին, իսկ 4 Ապրիլին՝ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման:
4 Ապրիլի երեկոյեան նախատեսուած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարին եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.