ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Մօտ մէկ տասնեակ քաղաքացիներ 2 Ապրիլին բողոքի ցոյց կատարեցին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մօտ՝ պահանջելով, որ Միացեալ Նահանգները դատապարտէ սուրիական Քեսապ շրջանին մէջ Թուրքիոյ գործողութիւնները՝ որպէս ՆԱԹՕի անդամ:
«Մենք այստեղ ենք, որպէսզի մեր մտահոգութիւնը հասցնենք Քեսաբում հայ բնակչութեան տեղահանութիւնների հետ կապուած, որոնց մասնակցել են թուրքական ռազմական ուժեր», լրագրողներուն ըսած է նախաձեռնութեան անդամ Լեւոն Յովհաննիսեանը:
Անոր համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներ յայտարարած է, որ մտահոգ է կատարուածով, բայց Թուրքիան դատապարտող որեւէ յայտարարութիւն չէ ըրած։ Ցոյցին կը մասնակցէին նաեւ քեսապահայեր, որոնց համաձայն, Քեսապի մէջ ամէն ինչ կատարուած է թուրքերու օգնութեամբ:
«Թալանած են քեսապահայերուն տուները, բայց այդ բանը կատարած են ոչ թէ սուրիացիները, այլ վարձկան ահաբեկիչները: Կը պահանջենք, որ Միացեալ Նահանգներ լուռ չմնայ», յայտարարած է քեսապահայ մասնակիցը՝ նշելով, որ իրենք դեռ յոյս ունին վերադառնալու իրենց ծննդավայր:
Քիչ ետք ցոյցի մասնակիցներուն մօտեցած է Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպան Քլարք Փրայսը, որ լսած է անոնց պահանջը, ապա՝ Քեսապի մէջ կատարուածի մասին քեսապահայերուն վկայութիւն եւ վստահեցուցած, որ իր լսածն ու տեսածը պիտի փոխանցէ դեսպանին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.