
Ծափահարութիւններով սրահը թնդաց, հոգիները լեցուեցան հրճուանքով եւ հպարտանքով, երբ Համազգայինի «Անի» պարախումբը երկու պարերով ելոյթ ունեցաւ ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի 33րդ տարեկան ճաշկերոյթին։
Պարախումբը կատարեց «Կիլիկիա» եւ «Հոյ Նազան» պարերը։ Անոնց բարձր մակարդակի պարարուեստը, պարողներուն համաչափ կշռոյթն ու արտաքինը, ինչպէս նաեւ հագուստներու գրաւչութիւնը, հիացմունք պատճառեցին ներկաներուն։
«Անի» պարախումբը այս տարի կը թեւակոխէ իր 40ամեակը։ Այս առթիւ, անոնք բացառիկ համերգ մը կը պատրաստեն Դեկտեմբեր 13ին, Կլենտէյլ Հայ Սքուլի դահլիճին մէջ։ Նաեւ, այս առթիւ տեղի պիտի ունենայ ճաշկերոյթ մը։
Պարախումբը հիմնուած է 1974ին, Լոս Անճելըսի մէջ Եղեա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի կողմէ. որոնք նաեւ կամաւոր պարուսոյցներն են պարախումբին։ Տարազներու պատասխանատուն է Ճէյն Հաշօլեան։ Անոնք քառասուն տարիներէ ի վեր կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը՝ նուիրուելով հայ մշակոյթին եւ յատկապէս հայ պարարուեստին։
«Անի» պարախումբը կը շարունակէ ընդունիլ նոր անդամ-անդամուհիներ, որոնք հետաքրքրուած են պարարուեստով։ Անվճար դասընթացքներն ու փորձերը տեղի կ՛ունենան Կլենտէյլի մէջ, ամէն Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը, ժամը 8:30էն 10:30։ Մանրամասնութիւններու համար, կարելի է դիմել 818-613-5358 թիւին։