ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայց. առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն հանդիպումը տեղի ունեցաւ Մարտ 25ին, Կլենտէյլ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, հիւրընկալութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի:
Առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան եւ Միքայէլ եպս. Մուրատեան խորհրդակցեցան խոր մտահոգութիւն պատճառող այն կացութեան մասին, որ ստեղծուած է Սուրիոյ Քեսապ քաղաքի հայ համայնքի տեղահանման պատճառով:
Խորհրդակցութեան յաջորդ նիւթն էր համատեղ Ս. պատարագի մատուցումը՝ Ապրիլ 23ին, Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ՝ պատրաստութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման Ս. պատարագի մատուցման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.