

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութեան համար արտասովոր օր մըն էր Մարտ 29ն։ Անոնք երկար ատեն լսած էին Արարատ լերան մասին, տեսած էին պատկերներ, բայց չէին հանդիպած հայ պատանիի մը, որ ոչ միայն իրենց նման տեսած էր Արարատի պատկերները, այլեւ 13 տարեկանին քաջութիւնն ունեցած էր մագլցելու անոր գագաթը։ Այդ պատանին կը կոչուէր Սեպուհ Օշական, որ մեծ սիրով այցելեց վարժարանս եւ հանգրուան առ հանգրուան պատմեց իր լեռնագնացութեան մասին դէպի Արարատի գագաթ։
Լոսանճելըսաբնակ պատանին ցոյց տուաւ պատկերներ, տեսաերիզներ եւ հիացմունքը գրաւեց աշակերտութեան, ուսուցչական կազմին, ներկայ գտնուող ծնողներուն ու վարչական անդամներուն։