ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Կառավարութեան մեկնաբանութեամբ, «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքը կը շարունակէ մնալ ուժի մէջ եւ մինչեւ 30 Սեպտեմբեր պիտի գործէ այն բնագիրով, որով ուժի մէջ մտած է 1 Յունուարին։ 3 Ապրիլին այս մասին յայտարարած է (այժմ հրաժարեալ) վարչապետ Տիգրան Սարգսեան՝ անդրադառնալով Սահմանադրական դատարանի 2 Ապրիլի որոշումին։ Ան նշած է, որ նկատի ունենալով, որ Սահմանադրական դատարանը իր որոշումին մէջ նշեց, որ՝ «սահմանադրութեանը հակասող ճանաչուած իրաւանորմերի ուժը կորցնելու վերջնաժամկէտը 2014 թուականի Սեպտեմբերի 30 է», ուրեմն, ըստ վարչապետին. «Դա նշանակում է, եթէ ես ճիշդ եմ հասկանում, որ օրէնքն այն տեսքով, ինչ տեսքով որ ընդունուել է Ազգային ժողովի կողմից, պէտք է աշխատի մինչեւ Սեպտեմբերի 30ը, եւ մենք պէտք է մինչեւ Սեպտեմբերի 30ը այդ հակասահմանադրական ճանաչուած նորմերը վերանայենք»։ Արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան եւս հաստատած է վարչապետին մօտեցման ճշգրտութիւնը։
Տիգրան Սարգսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ, իր որոշումով կազմուած է աշխատանքային խումբ՝ «Կուտակային կենսաթոշակների մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները մշակելու եւ Ազգային ժողովին ներկայացնելու համար: Անոր մաս կը կազմեն արդարադատութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, ելեւմուտքի նախարարութիւններու եւ Կեդրոնական դրամատան ներկայացուցիչներ: Վարչապետը հրաւիրած է նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները՝ մասնակցելու խումբի աշխատանքներուն:
Կառավարութեան նիստէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին արդարադատութեան նախարարը զգուշացուցած է. «Արդեօք այս որոշումից յետոյ պիտի գործատուները այդ վճարները կատարեն, քաղաքացիները իրենց ֆոնդերը ընտրեն, եւ չընտրելու դէպքում պատասխանատուութիւն առաջանալու է, թէ՝ ոչ… մինչեւ Սեպտեմբերի 30ը այս օրէնքը ամբողջութեամբ գործում է, օրէնքի բոլոր դրոյթները ենթակայ են կիրառման եւ կ՛առաջացնեն իրաւական հետեւանքներ, եթէ չկիրառուեն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.