
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մոսկուայի մէջ բացումը կատարուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին։
Հանդիպում կը կայանայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի նախագահութեամբ: Կ՛ակնկալուի, որ կողմերը յայտարարութիւն կատարեն Աֆղանիստանի վերաբերեալ՝ կապուած այդ երկրին մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն:
ՀԱՊԿի անվտանգութեան գօտիի եւ յարակից տարածաշրջաններու իրադրութեան մասին զեկոյցով հանդէս պիտի գայ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան:
Կը նախատեսուի, որ նիստին ընթացքին ստորագրուի 2014 թուականի երկրորդ կիսամեակի-2015 թուականի առաջին կիսամեակի համար ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հարցերով ներկայացուցիչներու խորհրդատուութեան ծրագիրները:
Նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ ՀԱՊԿի ծիրին մէջ արտաքին քաղաքական համագործակցութեան կատարելագործման հարցերը՝ տարբեր բնագաւառներուն մէջ։
Նշենք, որ ՀԱՊԿին մաս կը կազմեն Հայաստանը, Պելոռուսը, Ղազախստանը, Խրխըզստանը, Ռուսիան եւ Տաճիկստանը։