ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ուրբաթ, Ապրիլ 4ին Ատրպէյճան այցելող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ Արցախի հարցով Թուրքիոյ վերաբերմունքը չէ փոխուած ու ապագային եւս այդպէս պիտի մնայ:
Թրքական «Հապերէքս» կայքին համաձայն՝ Էրտողան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, պատասխանելով Արցախի մասին հարցումի մը՝ ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, ցարդ վճռական վերաբերմունք դրսեւորած ենք եւ այդպէս ալ պիտի շարունակենք: Այս հարցին կապակցութեամբ, կարելի չէ խօսիլ մեր կողմէն որեւէ զիջումի մասին», ըսած է Էրտողան:
Նշենք, որ Էրտողան Թուրքիոյ տեղական մարմիններու ընտրութիւններէն ետք Թուրքիայէն դուրս իր առաջին այցը կատարած էր դէպի Ատրպէյճան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.