
ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Կիրակի, Մարտ 16, 2014ին, ժամը 6ին, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութիւնը իր կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր հանդիպման եւ հիւրընկալման երեկոյ մը, թերեւս Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջին անգամն ըլլալով՝ Հայ քաղաքական աւանդական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Նիստին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակ-ցութիւնը կը ներկայացնէր Գրիգոր Խոտանեան: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէր Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ Վիգէն Յովսէփեան, իսկ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կը ներկայացնէր դոկտ. Մինաս Գոճայեան: Ձեռնարկին հանդիսավարն էր Միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ եւ հոգաբարձու տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ բացման եւ բարի գալուստի խօսքը կատարեց եւ թուեց ներկաները մի առ մի՝ սկսելով Տաճատ արք. Եարտըմեանէն, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանէն, մինչեւ երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչները, մամլոյ եւ մշակութային քոյր միութիւններու ընկերներ, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի համահայկական միացեալ մարմինի անդամներ:
Ժողովի նպատակակէտի բացատրութենէն ետք, հանդիսավարը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ իրաւաբան Էտուին Մինասեանին, Հոգաբարձութեան փոխատենապետ եւ Գործադիր յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Մարուքեանին եւ Հոգաբարձութեան փոխգանձապահ եւ Գործադիր յանձնախումբի փոխատենապետ ու Մխիթարեան Սանուց յանձնախումբի ատենապետ Էտի Սարաֆօղլուին, Գործադիր յանձնախումբի անդամներ Թալին Սարաֆօղլուին եւ Էրլին Մարուքեանին, որոնք սոյն ձեռնարկին հիւրասիրութիւնը ստանձնած էին, ապա նաեւ Միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսին, մշակութային յանձնախումբի փոխատենապետ Կարպիս Սարաֆեանին եւ Միութեան ներքին գործոց պատասխանատու Սարգիս Սալկընին, որոնց օգնութեամբ իրականացաւ սոյն ձեռնարկի կազմակերպութիւնը: Նոյնպէս, տոքթ. Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, իրենց սիրայօժար ներկայութեան համար, եւ երեք լրագիրներուն, որոնք սիրով կատարեցին սոյն յատկանշական ձեռնարկի ծանուցումները:
Ապա տոքթ. Աւետիքեան Միութեան հակիրճ պատմականը ըրաւ եւ խօսեցաւ կուսակցութիւններուն այսօրուան եւ անցեալի ընդհանուր դիրքորոշումներուն մասին: Բեմին վրայ տեղ գրաւած երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէն՝ խօսք առնելու հրաւիրուեցաւ Գրիգոր Խոտանեանը, որուն կենսագրականը ընթերցեց տոքթ Աւետիքեան:
Ապա, Գ. Խոտանեան ընթերցեց հակիրճ պատմականը Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, որ կազմուած էր Ժընեւի մէջ, 1887ին: Այդպէս կոչուած է իր պաշտօնաթերթին՝ Ժընեւ հրատարակուող «Հնչակ»ի անունով: Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադիրներն ու ղեկավարներն էին Նազարբէկեաններ, Ռուբէն Խանազատ, եւ այլ անձեր:
Հանդիսավարը հրաւիրեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, որուն հակիրճ կենսագրականի ընթերցումէն ետք՝ հրաւիրեալը խօսեցաւ կուսակցութեան ծագման մասին՝ պատմական ակնարկ մը նետելով Դաշնակցութեան հիմնադրութեան, դիմագիծին, աշխարհահայեացքին, անկախութեան գաղափարին, երիտասարդութեան նկատմամբ գլխաւոր կիզակէտին եւ մտահոգութեան, ինչպէս նաեւ՝ զանազան երկիրներու մէջ անոր կեդրոններուն մասին:
Նաեւ, հրաւիրուեցաւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ դոկտ. Մինաս Գոճայեանը, որուն հակիրճ կենսագրականի ընթերցումէն ետք՝ դոկտ. Գոճայեան խօսեցաւ ՌԱԿի հիմնադրութեան մասին՝ ըլլալով Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնադիր մէկ մասը, մանաւանդ՝ որբանոցներ եւ հայկական թերթեր հիմնելու մարզին մէջ անոր դերին եւ Մայր Հայրենիքի մէջ «ՀՌԱԿ» անուան տակ անոր ներկայութեան մասին:
Ապա հրաւիրուեցան բանավէճին մասնակցող պոլսահայ, երեք սերունդի պատկանող հետեւեալ անձերը. իրաւաբան Էտուին Մինասեան՝ Պոլսահայ միութեան Հոգաբարձութեան, Միութեան նախկին ատենապետ եւ Պոլսահայ միութեան Ընդհանուր ժողովի ներկայ ատենապետ՝ ճարտարապետ Սիմոն Աճիլաչօղլու, իրաւաբան Ժպիտ Չեբքինեան-Չընար՝ Պոլսահայ միութեան Կրթաթոշակի յանձնախումբի ատենապետուհի, որոնց հակիրճ կենսագրականները հանդիսավարին կողմէ ընթերցուելէ ետք, անոնք հարցումներ ուղղեցին Հայ երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Հարցումներ ուղղուեցան արտագաղթի հարցին, կաշառակերութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ ընկերվարութեան, Արցախի անկախութեան եւ այդ ուղղութեամբ դուրսէն եկող սպառնալիքներուն մասին, նաեւ՝ այն մասին, որ եթէ երբեք Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ներկայ որեւէ կուսակցութեան զօրաւիգ կը կանգնին: Եթէ պատասխանը ոչ է, ապա՝ ինչպիսի՞ քաղաքականութիւն կը հետապնդեն սոյն հարցերուն նկատմամբ:
Հարցումներ ուղղուեցան նաեւ վերջերս Ատրպէյճանի կառավարութենէն հնչած մեղադրանքին մասին՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղին՝ սուրիահայերու բնակեցման հարցով, նաեւ՝ Պոլսոյ հայ համայնքի մշակութային այժմու աշխատութեանց մասին եւ թէ ներկայ պայմաններուն տակ, պոլսահայերը պիտի կարենա՞ն պահպանել իրենց ազգութիւնն ու ինքնութիւնը: Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող օտար ընկերութիւններու կողմէ կառավարուող մետաղի հանքավայրերու մնացորդները գետերու մէջ հոսեցնելու խնդիրը, զոր պատճառ կը դառնայ մարդոց մահուան եւ բնութեան ապականումին: Խօսուեցաւ նաեւ Պոլսոյ հայ համայնքին վերաբերեալ կուսակցութեանց տպաւորութիւններուն մասին: Իսկ վերջին բաժինով՝ խօսուեցաւ Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու բացման օգտակարութեան մասին:
Երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներն ալ գոհացուցիչ պատասխաններ տուին հայութիւնը յուզող հարցերուն, հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, համատեղ հետաքրքրութիւն ներկայացնող թղթածրարներուն, արտագաղթի դրդապատճառներուն, նիւթական օժանդակութեանց, Արցախի հողի վերադարձման անսակարկելիութեան եւ այլ հարցերու: Տեղի ունեցաւ նաեւ հարց-պատասխանի պահ՝ ներկաներուն կողմէ:
Ձեռնարկի աւարտին, հանդիսավարը շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայացուցիչներուն, ապա յայտարարութիւններ կատարեց՝ Միութեան յառաջիկայ ձեռնարկներուն մասին: Նաեւ, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներն ու պատուոյ հիւրերը հիւրասիրուեցան Միութեան յատուկ հիւրասրահին մէջ եւ ունեցան մտերմիկ զրոյցի եւ խորհրդածութիւններու պահ:
Տեղեկատուական այս տպաւորիչ ձեռնարկին համար շնորհաւորելի են կազմակերպիչներն ու զեկուցաբերները՝ իրենց ազդու զեկոյցներուն համար: