Հայ Օգնութեան Միութիւնը անգամ մը եւս լրացուց յաջող ձեռնարկներու շարք մը՝ Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու (ՈԿԿ) Կիներու իրավիճակի յանձնաժողովին՝ ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ, Մարտ 10-21ին կայացած 58րդ տարեկան խորհրդաժողովին ծիրէն ներս: ՀՕՄը, 1976էն ի վեր գործունեայ աշխատանք կը տանի որպէս ՈԿԿ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ, 1998էն ի վեր, անիկա կ՛անդամակցի որպէս գրանցուած խորհրդատու անդամ ՄԱԿի Տնտեսական եւ Ընկերային յանձնաժողովին (ECOSOC):
Այս տարուան խորհրդաժողովը կեդրոնացաւ Հազարամեակի զարգացման նպատակներու (MDGs) գործադրութեան մէջ կանանց ու աղջկանց մարտահրաւէրներուն եւ նուաճումներուն վրայ, ի մտի ունենալով MDG-ի նպատակադրումները կիներու եւ մանուկներու իրավիճակի բարելաւման ի խնդիր՝ իրագործելի մինչեւ Մարտ 2014 եւ անկէ անդին եւս ներկայացող օրակարգային կարելիութեանց սահմանները: Այս տարուան խորհրդաժողովին, այլազան երկիրներէ կը մասնակցէին 820 ՈԿԿներու 5600 անդամներ:
ՀՕՄը գործնական իր բաժինը բերաւ խորհրդաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն, ներառեալ Cooper Union-ի մեծ սրահին մէջ կայացած Խորհրդակցութեան օրը, ուր աւելի քան 900 հոգի կը մասնակցէին: Նոյնպէս, Armenian Convention Center-ին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, ուր «Շուշի» պարախումբը ունեցաւ իր ելոյթը:
Խորհրդաժողովի ամբողջ տեւողութեան, նոյն սրահին մէջ կայացան կարգ մը յարակից աշխատանիստեր:
CSW Forum-ի ընդունելութեան, ՄԱԿի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան փոխդեսպան Տիգրան Սամուէլեան ընդգծեց. «Հայաստանի դեսպանութեան եւ NGO CSW-ի միջեւ հետզհետէ զարգացող յարաբերութիւնները՝ հիմնուած այն հասկացողութեան վրայ, թէ սեռերու հաւասարութիւնը եւ կիներու ու աղջիկներու մարդկային իրաւունքներու ամբողջական ընկալումը հիմնական բանալին կը կազմեն Հազարամեակի զարգացման նպատակներու դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ իրագործումներուն յետ 2015 արագացման ու յաջողութեան: Լաւ հիմերու վրայ յառաջացող արդիւնաւետ գործակցութեամբ, կարողացած ենք սեռերու իրաւասութեանց առնչուող հարցերու մասին ՄԱԿէն ներս ունենալ շինիչ խօսակցութիւններ եւ քննարկումներ: Մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը բերենք ՈԿԿ CSW-ի Պէյճինկ +20 համաշխարհային արշաւին»։
Խորհրդաժողովի տեւողութեան, ՀՕՄը մասնակից-կազմակերպիչն էր երկու աշխատանիստերու. առաջինը՝ World Vision-ի հետ «Խտրութեան զոհ՝ ծնունդէ առաջ սեռերու նախընտրութիւնը որպէս սեռային բռնութեան ձեւ մը» խորագիրով, որուն դասախօսները ակադեմականներէ, ՄԱԿի պաշտօնատարներէ, եւ ֆիլմի բեմադրիչէ մը բաղկացած՝ կեդրոնացան սեռային խտրականութեան մտահոգիչ զարգացումը Արեւելեան Եւրոպայի տարածքին նիւթին վրայ: Նշեալներուն կողքին, Հայաստանի ներկայացուցչութենէն Սահակ Սարգսեան հետեւեալը ընդգծեց. «Հարկաւոր է պայքարիլ սեռերու խտրութեամբ եղած վիժումներու դէմ թէ՛ ազգային եւ թէ միջազգային տարողութեամբ»:
Երկրորդ ձեռնարկը, կազմակերպուած Soroptimist International-ի եւ ICJW-ի հետ, «Երկինքին կէսը բաւարար չէ». կանանց եւ աղջկանց մղել Հազարամեակի զարգացման նպատակներէն՝ Կայուն զարգացման նպատակներու» խորագիրով, զօրաւիգ կ՛արտայայտուէր կիներու եւ աղջիկներու հեղինակութեան հաւասարեցման տնտեսական ու գործարարական մարզերէն ներս: Change.org կազմակերպութիւնը դիւրացուցած է համացանցի վրայ լսելի դարձնելու կիներու եւ աղջիկներու դէմ կատարուած անիրաւութիւնները: Games for Change կազմակերպութիւնը համացանցի վրայ դաստիարակչական խաղեր պատրաստած է այս ուղղութեամբ, իսկ Համաշխարհային դրամատունը պատրաստ է կիներու վարկեր յատկացնելու:
ՀՕՄի առաջնորդողի դերը ընկերային զարգացման մարզէն ներս այսօր աւելի շեշտուած է շնորհիւ այլ միջազգային ՈԿԿերու եւ ՄԱԿի այլազան գրասենեակներու հետ իր հաստատած գործակցութեան: Խորհրդաժողովին ամբողջ տեւողութեան, Քանատայէն, Պոսթընէն, Նիւ Ճըրզիէն, եւ Նիւ Եորքէն ՀՕՄուհիներ մասնակցեցան համաժողովին եւ աշխատանիստերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.