
ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատկերասփիւռային դրամահաւաքին՝ թելեթոնին ի նպաստ ձեռնարկներու շարքին առաջինը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մարտ 30ին, Ռենզօ Սանթա Ֆէի մէջ գտնուող Ճան եւ Սինթիա Անտոնեաններու բնակարանին մէջ, ուր խումբ մը ամերիկահայեր հաւաքուած էին՝ գործնականապէս նեցուկ կանգնելու համար Հայ Դատ պայքարին:
«Խորապէս երախտապարտ ենք Ճան եւ Սինթիա Անտոնեաններու հիւրընկալութեան համար: Իբրեւ ժողովրդային կազմակերպութիւն, մեր համակիրներուն ցուցաբերած աջակցութիւնն եւ նուիրումը կենսական իմաստ ունի մեզի համար, որպէսզի կարենանք յառաջ տանիլ մեր պայքարը: Երախտապարտ ենք մեր բազմաթիւ առատաձեռն նուիրատուներուն, որոնք կ՛ապրին Սան Տիէկոյի մէջ եւ անոր շրջակայքը, եւ որոնց ներդրումին շնորհիւ թելեթոնի յաջողութեան առաջին քայլերը առնուեցան», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան:
Հաւաքին ներկայ էին նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Ռաֆֆի Համբարեան, թելեթոնի յանձնախումբէն Սիւզի Ծերունեան-Գազանճեան եւ Հայ Դատի երկարամեայ համակիրներէն Մհեր եւ Սօսի Դաւիթեաններ՝ Լոս Անճելըսէն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վեցժամեայ թելեթոնը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 1, 2014ին ու պիտի սփռուի Նիւ Եորքի, Պոսթընի, Շիքակոյի, Լոս Անճելըսի եւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ: Թելեթոնին ի նպաստ շարք մը ձեռնարկներ կը կազմակերպուին կամաւորներու, կազմակերպութեանց, եկեղեցիներու, համայնքային ղեկավարներու, արուեստագէտներու եւ այլ համակիրներու կողմէ, առաւելագոյն աջակցութիւն ապահովելու Հայ Դատի պայքարին համար տարուող այս աշխատանքին: