
Բեմադրիչ Հայկ Քոչարեան կը տեղեկացնէ, թէ իր ֆիլմը՝ «Please Be Normal»ը, պիտի ցուցադրուի շարժապատկերի «Մոնատնոք» միջազգային փառատօնին, Նիւ Հեմփշըրի Քին քաղաքին մէջ, Շաբաթ, Ապրիլ 12ին, կ.ե. ժամ 2էն սկսեալ:
Ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ «Քոլոնիըլ» սրահին մէջ (95 Main Street), իսկ ցուցադրութենէն ետք բեմադրիչը, որ նաեւ ֆիլմի բեմագրութեան հեղինակն ու արտադրողն է, պիտի պատասխանէ հարցումներու:
Փառատօնին եւ ֆիլմին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.moniff.org/film/please-be-normal կայքէջը: