
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 10 Ապրիլին հանրութեան եւ Հայաստանի նախագահին ներկայացուած է Սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովին մշակած՝ Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի նախագիծի նախնական տարբերակը:
Հայաստանի նախագահին հետ կայացած հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, մասնաւորապէս անդրադառնալով Հայաստանի մէջ կառավարման համակարգին, յայտարարած է, որ մասնագիտական յանձնաժողովին մէջ վերջնական ու միասնական դիրքորոշում չէ ճշդուած կառավարման համակարգին վերաբերեալ։ Անոր համաձայն՝ յանձնաժողովը փորձած է առաջադրել մօտեցումը հետեւեալ սկզբունքով՝ կայ կառավարման գործող համակարգ, որ պէտք է բարեփոխուի:
Նախապէս ծրագրուած էր, որ հայեցակարգի վերջնական ու ամբողջական տարբերակը պէտք է ներկայացուի 20 Ապրիլին, սակայն յանձնաժողովը խնդրած է նախագահէն՝ հայեցակարգի հանրային քննարկումներու ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 1 Յունիս, եւ Սերժ Սարգսեան համաձայնած է:
Յարութիւնեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը հանրաքուէի պիտի դրուի 2015ի աւարտին կամ 2016ի սկիզբը՝ նկատի ունենալով այն, որ 2017ին Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի կայանան, իսկ 2018ին՝ նախագահական: