ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի գործունէութենէն դժգոհ Պաքուն, Ճէյմզ Ուորլիքը ամբաստանած է քաղաքական կանխակալութեամբ: Արդարեւ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով, որոշ ուշացումով մեկնաբանեց Ուորլիքի կողմէ Մարտ 23ի մէկ գրառումը այն մասին, որ «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ է»՝ յայտարարելով, որ Ուորլիք պէտք է աւելի լաւ ծանօթանայ, տեղեկանայ եւ ուսումնասիրէ Մինսկի խումբի փաստաթուղթերը, ապա բանավէճի մէջ մտնէ՝ աւելցնելով, որ նման յայտարարութիւններ քաղաքական կանխակալութիւն ցոյց կու տան:
«Հակամարտութեան կողմերը Հայաստանն ու Ատրպէյճանն են, իսկ ոչ մեծ՝ 30 հազարանոց ցեղային խումբի բնակչութիւնը որեւէ տարածքի վրայ, անոր այդ տարածքին յաւակնելու իրաւունքներ եւ հիմքեր չի տար», ըսած է Ազիմով եւ ենթադրած, թէ Ուորլիք այդ յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանը հանգստացնելու համար, քանի որ՝ «Հայաստան կը փորձէ Արցախը ներկայացնել իբրեւ պետական միաւոր»: Ազիմով իր խօսքը եզրափակած է ըսելով, թէ Ուորլիքի խօսքերուն լրջութեամբ պէտք չէ մօտենալ:
Սակայն, ամերիկացի համանախագահի սոյն գրառման շուրջ կիրքերը տակաւին չհանդարտած՝ Ուորլիք նոր աղմուկ մը բարձրացուցած է Ապրիլ 9ին, նոր գրառում մը կատարելով: Ան «Թուիթըր»ի վրայ գրած է, թէ հանդիպած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանի հետ եւ որ Խաչիկեան «ամերիկահայերու յստակ ձայնն է»:
Գրառման տակ մեկնաբանութիւններ ձգած բազմաթիւ ատրպէյճանցիներ իրենց վրդովմունքը արտայայտած են այս կապակցութեամբ՝ համանախագահը մեղադրելով «միջնորդութեան գործընթացէն բացի՝ ամէն ինչով զբաղելու» յանցանքով:
Ուորլիք Խաչիկեանի հետ հանդիպման մանրամասնութիւնները չէ բացայայտած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.