
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
1939 թուականի ամառնային շոգ, հեղձուցիչ օր մըն էր:
Մռայլ, տխրադէմ մարդկային բազմութեամբ բեռնաւոր ինքնաշարժ կառքերու երկար կարաւան մը՝ ճռնչելով կանգ առաւ Քեսապի Տիւզաղաճ գիւղի ճամբուն վրայ:
Ինքնշարժներէն վար թափուող ճամբորդներու բազմութիւնն ու ճամբեզրի մայրիներու շուքին տակ անոնց սպասող ժողովուրդը՝ Քեսապի հայերը աղմուկով ու թեւատարած իրար խառնուեցան: Հարազատ-սրտակիցի, ծանօթ-բարեկամի ողջագուրման յուզիչ տեսարանին յաջորդեց կանանց սրտաճմլիկ հեկեկանքներու պահը:
Ճամբորդները Սուէտիայի (Մուսա լեռ) հայեր էին:
Չկամենալով ապրիլ եղեռնագործ Թուրքիոյ գերիշխանութեան յանձնուած Մուսա լերան իրենց ծննդավայր գիւղերուն մէջ, արհամարհելով տարագիր կեանքի անխուսափելի զրկանքներուն եւ դառնութեանց տխուր հեռանկարները, պատիւով ու ազատ կեանքը գերադասելով թրքական լուծին տակ նուաստ գոյութեան, կսկիծը սիրտերուն՝ անոնք կը հեռանային դէպի անորոշ ու անծանօթ հորիզոններ:
Միւսները՝ մայրիներու զով շուքին ապաստանած գլխահակ, տրտում դէմքերով բազմութիւնը, ճամբորդներուն հետ դարաւոր հարեւանութեամբ ապրած ազգակից, սրտակից Քեսապի հայեր էին, որոնք իրենց գիւղերէն իջած էին մայրուղի, նախ դիմաւորելու, ապա եկողներուն ցաւն ու կսկիծը կիսելու, բարեմաղթութիւններ ընելու եւ վերջին հրաժեշտը տալու:
Պահը ծանր էր, մթնորտը՝ ճնշիչ ու յուզումնալից:
Դարեր շարունակ կողք-կողքի ապրած, իրար միշտ թիկունք, նեցուկ եղած, միմեանց ուրախութիւնն ու տխրութիւնը կիսած երկու հայ գաղթօճախներու վերջնական բաժանման ցաւագին ժամն էր:
Կարճ, արագ հանդիպման ընթացքին, թոնիրի թարմ հացին, մածունին, զովարար թանին ու նորահաս խաղողին մատուցումէն, քահանային աղօթք-բարեմաղթանք-ողջերթէն ետք, երբ հնչեց մեկնումի ազդը եւ ճամբորդ բազմութիւնը սկսաւ բարձրանալու կառքերուն վրայ, երբ ծանրաբեռն կարաւանը՝ դանդաղ ու երերուն, սկսաւ տխուր երթը, կրկնուեցաւ դարձեալ ժողովրդային հառաչալի եւ աղեխառն ողբն ու կոծը: Սրտաճմլիկ էր տեսարանը…
Տակաւին երազային ոլորտներու մէջ թափառող պատանիներու մեր խումբը, բնազդային մղումով եւ հեւիհեւ, ընկերացաւ դանդաղ շարժող կարաւանին, մինչեւ որ վերջին փոխադրակառքը անհետացաւ Տիւզաղաճի մերձակայ բլուրներուն ետեւ:
Երբ սրտաբեկ ու շուարած կանգ առինք ու սկսանք խորհրդածելու մեզմէ նոր հեռացած հպարտ մուսալեռցի մեր հարազատներուն վաղուան մասին, նոր միայն զգացինք անոնց վիճակուած բախտին ահաւորութիւնը, անծանօթ ափերու, անծայր հեռուներու վրայ, օտար երկինքներու տակ անոնց սպասող անխուսափելի զրկանքներն ու դառնութիւնները, մտալլկումները, ապագայի տխուր հեռանկարներն ու… հոգիով-սիրտով խորտակուեցանք:
Նոյն այդ պահուն զգացինք նաեւ մուսալեռցի մեր հայ քոյր-եղբայրներու մեկնումով մեր՝ քեսապցիներուս հոգիներէն ներս գոյացած լա՜յն, սարափեցնող պարապը: Մանաւանդ, որ այլեւս մենք մինակ ենք ու անօգնական գազանային ախորժակներով, ոճրային նպատակներով մեզի սպասող շրջապատի թուրքերուն դիմաց եւ… սարսռացինք:
Հոգիով խորտակուած, մտովին շփոթած, երբ մեր նայուածքը պահ մը դարձուցինք դիմացի վիթխարի բարձունքին՝ Կասիոս լերան վեհանիստ պատկերին, մխիթարութեան, սփոփանքի փոխարէն յուսահատութեան ալիքներով ողողուեցանք:
Մեզի թուեցաւ, թէ անմեկնելի խորհուրդներով՝ սֆինքսեայ լռութեամբ մեր դիմաց կանգնած ապառաժեայ տիտանին կրանիթեայ ամրոցները խախտած են, անոր առինքնող պատկերը մռայլած, վեհութիւնը մթագնած է: Անդրադարձանք շուտով, որ նախնիներու օրերէն սկսեալ Քեսապի հայերուն ապաստան տուած, ապաւէն եղած անպարտելի լեռը՝ մօտակայ Մուսա լերան նման գերուած է արմենական ցեղի ոխերիմ թշնամի թուրքին կողմէ:
Այն ատեն, բոլորովին անյոյս ու անօգնական զգալով, մեր պատանի միտքը չարչարող, մեր հոգին տանջող հարցերուն դիմաց, որոշեցինք հեռանալ եւ մեր ընտանեկան երդիքներուն տակ փնտռել մեր ներքին խաղաղութիւնը եւ բուռն ցանկութեամբ սլացանք դէպի մեր բոյները:
***
Սուէտիա եւ Քեսապ
Հայոց ճակատագիրի անմեկնելի քմահաճոյքներէն ծնունդ առած նոյնատիպ (identical)՝ երկուորեակ գաղթօճախներ…
Սելեւկիա նաւահանգիստը ամենազօր հռովմէացիներու ճանկերէն յափշտակող հայոց արքայից արքայ Մեծն Տիգրանի զինուորներէն քանի՞ հոգի արդեօք Միջերկրականի հմայիչ կապոյտէն գինովցած՝ մերժեցին ենթարկուիլ ծովախտաւոր վեհապետի նահանջի հրամանին եւ ապաստանելով Կասիոս եւ Մուսա լեռներու դափնեզարդ լանջերուն, հիմնեցին հայկական զոյգ գաղթօճախները: Յետագային՝ անյիշատակ ո՞ր դարերուն՝ Հայաստան աշխարհի վրայ փչող չար քամիներէն քշուած արմենական ցեղի բեկորներ եկան-միացան Սուէտիա եւ Քեսապ կայք հաստատած իրենց ցեղակիցներուն եւ ուռճացուցին զոյգ հայ գաղթավայրերը… Այնքա՜ն առատ, բայց հակասական են այս մասին յայտնուած կարծիքները, որ տակաւին կարելի չէ եղած ճշգրիտ եւ վերջնական եզրակացութեան յանգիլ պատմական այս կնճռոտ հարցին մասին:
Կան սակայն սերունդէ սերունդ փոխանցուած, վստահութիւն ներշնչող զրոյցներ, որոնց համաձայն, հայերէն լեզուի բարբառներու Անտիոքի ընտանիքի մէկ տարբերակով արտայայտուող, քրիստոնէական կրօնի Առաքելական եկեղեցիւոյ հետեւող, Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայերուն նկարագրային գիծերով օժտուած, հայկական հին աւանդութիւններով ու սովորութիւններով, վարք ու բարքով ապրող ընտանիքներ՝ 16րդ դարուն սկիզբը, կու գան եւ կը հաստատուին Կասիոս եւ Մուսա լեռներուն ստորոտները:
Նոյն զրոյցներուն համաձայն՝ վերոյիշեալ դրութեամբ կը շարունակուի երկու գաղթօճախներուն կեանքը մինչեւ 19րդ դարուն կէսը:
1850ին՝ բողոքականներուն, 1960ին՝ կաթողիկէներուն Սուէտիա եւ Քեսապ մուտքով կ՛երկպառակտուի թերեւս երկու հայ գաղթօճախներու ներքին անդորրութիւնը, սակայն առիթ կու տայ նաեւ կրթական շարժումի մը առաջացման, ազգային գիտակցութեան զարգացման, գաղափարներու զարթօնքին, որոնք մեկուսացած հայկական այս երկու կարեւոր շրջաննները կը կապեն հայոց ազգային ամբողջութեան եւ կը նպաստեն անոնց քայլ պահելու մարդկութեան յառաջընթացին:
1915ին Քեսապը կ՛ենթարկուի թուրք պետութեան աքսորի հրահանգին եւ իր բնակչութեան 65 տոկոսը զոհ կու տայ հայոց Մեծ Եղեռնին: Սուէտիոյ հայութիւնը՝ ընդհակառակը, կը մերժէ նոյն հրահանգը, կը բարձրանայ Մուսա լեռ եւ կը կերտէ իր գոյութեան մեծագոյն փառքը՝ 1915ի հերոսամարտը:
Սուրիոյ խնամակալ ֆրանսական իշխանութեանց ընծայած բարենպաստ պայմաններուն տակ Սուէտիոյ եւ Քեսապի հայերը կը վերականգնեն Մեծ պատերազմի ընթացքին իրենց մարդկային, տնտեսական կորուստները եւ 1920-1938 տարիներուն կ՛ապրին արտաքին վտանգներէ զերծ՝ խաղաղ ու ապահով կեանք մը:
Կարճ տեւեց խոստմնալից հեռանկարնեով ու վառ յոյսերու այս ժամանակահատուածը:
1936ին տարածուած շշուկներէն երեւան եկաւ, որ Սուրիոյ ու Լիբանանի խնամակալ Ֆրանսայի իշխանութիւննները որոշած են սուրիապատկան Ալեքսանտրեթի Սանճագը (նահանգ) Թուրքիոյ յանձնել:
Լուրը սահմռկեցուցիչ էր Սանճագի շուրջ 35,000 հայերուն, որոնց 13,000ը կ՛ապրէր Սուէտիոյ եւ Քեսապի մէջ:
Խռովեցաւ հայերուն կեանքը: Եղեռնագործ Թուրքիոյ իշխանութեան տակ ապրելու հեռանկարը կը սարսափեցնէր 1915ի սպանդներէն վերապրած հայ բեկորները: Սանճագի հայերուն նման տագնապեցաւ համայն հայութիւնը: Խռովեցան արաբները, որոնք լայնածաւալ ցոյցեր կազմակերպեցին, դատապարտելով ֆրանսական իշխանութիւններուն անմարդկային ու ապօրինի որոշումը:
Չօգնեց նաեւ Ազգերու Լիկային կողմէ Սանճագի քառորդ միլիոն բնակչութեան մէջ կազմակերպած հանրաքուէն, որուն 65 տոկոսը դէմ կ՛արտայայտուէր շրջանը Թուրքիոյ յանձնելու որոշումին:
Երբ ի զուր անցան Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու պետերուն, միջազգային մարդասիրական հաստատութիւններու, աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններու կողմէ Սանճագի Թուրքիոյ կցման դէմ կատարուած միջամտութիւնները, իբրեւ վերջին փորձ, դիմում եղաւ առնուազն Սուէտիոյ եւ Քեսապի հայաբնակ շրջանները Սանճագէն անջատելու եւ Սուրիոյ վերամիացնելու մասին:
Այս նպատակով ֆրանսա-թրքական բանակցութիններուն իբրեւ արդիւնք, Կասիոս լեռն ու հայերուն պատկանող կալուածներուն մէկ երրորդը Թուրքիոյ զիջելով, կարելի եղաւ Քեսապի մնացեալ տարածութիւնը ազատել եւ Սուրիոյ վերամիացնել: Սուէտիան սակայն ամբողջութեամբ յանձնուեցաւ թուրք պետութեան:
Եւ պատահեցաւ անխուսափելին: Սուէտիոյ խրոխտ, ազատորդի հայերը, համբուրելէ ետք Մուսա լերան արեւաբոյր ժայռերն ու իրենց պարտէզներուն եւ արտերուն քրտնայորդ հողերը, կսկիծը սիրտներուն՝ փոշեթաթաւ կառքերու տրտմաթախիծ կարաւանով հեռացան դէպի օտար, անծանօթ ափեր…
***
Իսկական դժոխք մը եղաւ Քեսապէն 20 քմ. անդին, Պասիթ հրուանդանին վրայ Սուէտիոյ տարագիր հայերուն առաջին կացարանը:
Միջերկրական ծովու աւազուտ, խոնաւ ափին, հապճեպ պատրաստուած խղիկներուն մէջ, ամրան խեղդող տօթին, մժեղներու բզզիւնին, միջատներու խայթոցներուն ենթակայ, չարչարալից եղան Մուսա լերան բարձունքներու զեփիւռին վարժուած գաղթականներուն Պասիթ ապրած ամառնային օրերն ու գիշերները:
Կարծէք ճակատագրուած էր, որ մարդոց չարութիւններուն, բնութեան պատուհասներուն ընկերակցած տարերքն ալ՝ իր կարգին հարուածէր այս դժբախտները:
Օգոստոս ամսուն, բոլորովին անսպասելի՝ հեղեղային անձրեւ մը, անակնկալօրէն ողողեց, ջրամոյն կղզիի վերածեց Պասիթի անպատսպար կացարանը, երկինքը՝ իր ահագնութեամբ փուլ եկաւ անբախտ հայ բազմութեան գլխուն ու խորտակեց անոր արդէն իսկ քանդուած տրամադրութիւնը:
Գաղթակայանին վրայ երկինքէն թափուած տամուկ անէծքին պատճառած տանջանքը սակայն աւելի տանելի էր, քան ամէն օր, առաւօտէն մինչեւ արեւամար, տարագիրներուն աչքերուն դիմաց պարզուած իրենց ծննդավայրին ու անոր սուրբ լերան սրտապատառ տեսարանը:
Պասիթի հրուանդանին ճիշդ դիմացը, 25 քմ. ջրային (Միջերկրականի) տարածութեամբ բաժնուած են Մուսա լեռն ու իր լանջերուն թառած հայկական եօթ գիւղերը: Ասոնց պատկերները եղան տարաբախտ մուսալեռցիներուն ամէնօրեայ մղձաւանջը, անոնց սիրտը բզկտող ցաւը: Այս հոգեվիճակին լեղի արտայայտութիւնն էր սուէտիացի սրտցաւ մէկ բարեկամի արտայայտութիւնը, զոր ան ըրաւ հարցումի ձեւով, իրենց խցիկի բակէն մատնացոյց ընելով Մուսա լերան տրտում պատկերը եւ դառնութեամբ ըսելով. «Ատոր կը դիմացուի՞…»:
***
Սուէտիոյ հայ գաղթականներուն ծանր վիճակին լաւատեղեակ էր Սուրիոյ եւ Լիբանանի ֆրանսական իշխանութիւնը, որուն համար կ՛ըսուէր, թէ անհրաժեշտ աշխատանքը կը տանի աղէտեալներուն համար վերջնական բնակավայր մը ապահովելու:
Արդարեւ, չուշացաւ բարի լուրը, որ կ՛աւետէր թէ Ֆրանսայի իշխանութիւնը, Լիբանանի Պեքա հովիտի Այնճար կոչուած վայրը գնած է Մուսա լերան տարագիրներուն համար…
Նոր կարաւան մը տարաւ վերջապէս հայ տարագիրները իրենց վերջնական հանգրուանը: Եւ այսպիսով, հազիւ 20 քմ. զանցառելի հեռաւորութեամբ իրար սրտակից հարեւան Քեսապն ու Սուէտիան 250 քմ. անջրպետով անջատուեցաւ:
***
Եօթ տասնամեակներ ետք, այնքա՜ն հեռու հանգրուանիս մէջ, երբ յիշողութեանս պաստառին վրայ թանձրացած փոշին թօթուելով կը փնտռեմ հին օրերուն այնտեղ վրձինուած տպաւորութիւններուս մաշած պատկերներ, երբ կը փորձեմ վերծանել մշուշապատ, բայց այլապէս մտերիմ ու ցանկալի տեսարաններ, երբ հանդարտ դատողութեամբ կը ջանամ մեկնել գաղտնիքը մահկանացուներուս բախտը տնօրինող աներեւոյթ զօրութիւններուն, որոնք զիս ու նմաններս անգթօրէն դուրս հանեցին մեր երջանիկ ափերէն եւ քշեցին, ցրուեցին անծանօթ վայրեր, ստիպեցին հանգրուանիլ անհրապոյր երկինքներու տակ, յանկարծ դիմացս կը յայտնուի Քեսապի Տիւզաղաճ գիւղի ճամբուն վրայ՝ մարդկային դժբախտ բազմութիւն մը դէպի անյայտ հեռուներ տանող կառքերու անմոռանալի կարաւանը եւ… սիրտս կը ճմլուի:
Սթիւտիօ Սիթի,
Քալիֆորնիա
Յաւելուած.-
Եօթանասունհինգ տարիներ առաջ, գոյութեանս վառ արշալոյսին պատահած դէպքին նկարագրականը կը յանձնեմ կեանքիս մայրամուտը փոթորկող տրամադրութեամբ:
Տասնչորս օրեր առաջ, Մարտ 21ի արշալոյսին, սուրիացի, ալճերիացի, թունուզցի, լիպիացի, իրաքցի արաբներու եւ ատրպէյճանցի, աֆղան ու չէչէն վարձկան վանտալներու զինեալ խուժան մը, արտօնութեամբը թուրք պետութեան, Սուրիայէն կը մտնեն թրքական հողամաս եւ օժանդակութեամբ սահմանապահ թուրք զինուորներու, հրազէններու դժոխային աղմուկով, Քեսապը օղակող երկար սահմանին բազմաթիւ դիրքերէն կը խուժեն Քեսապ աւանին ու շրջակայ գիւղերուն վրայ:
Անակնկալի եկած սուրիական բանակի սահմանապահ ուժերը կը ստիպուին նահանջել՝ տակաւին կիսարթուն ու գիշերանոցով հայերը իրենց հետ տանելով դէպի արեւմուտք՝ Էքիզ-Օլուք գիւղի բարձր դիրքերը, ուր հաստատուելէ ետք, խումբ մը զինուորներու առաջնորդութեամբ ժողովուրդը կ՛ուղարկեն Լաթաքիա ու կը յանձնեն տեղւոյն հայոց Ազգային իշխանութեանց խնամքին:
Վերոյիշեալ ողբերգական, ծանր ու ճնշիչ տրամադրութեան տակ, վերեւի գրութիւնս մամուլին յանձնելէ ետք, կը փափաքիմ հրապարակել հետեւեալ մտածումս, որպէս առաջարկ Քեսապի «Կասիոս՝ Գրական Լրատու» պարբերականի երիտասարդ աշխատակիցներուն, որոնք անկասկած ապրեցան գիւղաշրջանի վերջին ողբերգութիւնը. թուղթին յանձնեն վերջին դէպքերու՝ իրենց հոգիին ու միտքին ազդած զգացումներն ու մտածումները…
Կը խնդրուի յարգելի յօդուածագրէն ճշդել կաթողիկէ հայոց Քեսապի մասին իր տեղեկութիւնները:Կաթողիկէ հայեր եղած են Քեսապ շատ հին ժամանակներէ առաջ քան իր յիշած թուականը:իսկ Հայ Կաթողիկէ առաջին կառուցուած եկեղեցին ,որ կը կրէ «Անարատ Յղութիւն» անունը ,կառուցուած է 1860 թուականին:Արդեօք յարգելի յօդուածագիրը յարմար կը դատէ այսօրուայ նման օրերուն մէջ ,խօսիլ երկպառակութեան մասին թէ աւելի լաւ պիտի ըլլար խօսիլ հայու մէկ ճակատագրի մասին առանց խտրականութեան եւ միեւնոյն թշանամիի ձեռքով իրագործուած վայրագութիւններուն ՝դարձեալ առանց խտրականութեան: