
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հայոց պատմութեան ժամանակաշրջանը ընկալելու եւ իւրացնելու լաւագոյն աւանդոյթը, աւելի քան մէկուկէս տասնամեակէ ի վեր սերունդէ սերունդ կը փոխանցուի ու կը կազմակերպուի գաղութիս հանրածանօթ, ազգասէր եւ մտաւորական Արշակունի ընտանիքի անդամներուն կողմէ…
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինէ Դուրեանի հսկողութեամբ եւ քաջալերանքով, ընտրուած խումբ մը աշակերտներ լծուած էին լուրջ աշխատանքի՝ անմիջական օգնութեամբը Կասիա Մահսէրէճեանի:
2014ի Ապրիլ 6ին, «Արարատ Տուն»ի սրահէն ներս կար լարուած խանդավառութեամբ աշակերտական, ուսուցչական եւ ծնողական հետաքրքրական եռուզեռ մը, ուր «ճակատագրական» որոշումով՝ աստղը պիտի փայլէր առաջին երեք մրցանակակիր վարժարաններուն… Արդար է նշել, որ իւրաքանչիւր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ, իրենց ամէնօրեայ դասածրագիրին կողքին, հսկող ուսուցիչներու հետապնդումով ու յաւելեալ ջանքերով պիտի ներկայացնէին իրենց վարժարանը: Ի վերջոյ՝ մրցանքը կ՛ենթադրէ արդար յաղթանակ:
Դատական կազմին կողմէ նախապատրաստուած 50 հարցումներուն տարափը՝ 90 վայրկեաններու երկու մասնահատուածով փոխանցուեցաւ մասնակիցներուն, որոնք աշխուժօրէն փորձեցին իրենց լաւագոյնը տալ՝ յաղթանակ կրելու տեսլականով:
«Վերջին զանգը» հնչեց… Մրցումը աւարտած էր: Քանի մը վայրկեան ետք ծափահարութիւններով լեցուած էր սրահը, ուր յայտարարուեցաւ, թէ 84 կէտերէ բաղկացած հարցարանի ամբողջական ու կատարեալ պատասխաններով՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարանը առաջին հանդիսացած է… Արդա՛ր էր յաղթանակը. ամիսներու հետեւողական ջանքերն ու զոհողութիւնները ի դերեւ չէին մնացած:
Մասնակցող չորս աշակերտներ՝ Մանուշակ Աղազարեան, Կրեկըրի Պէքէրէճեան, Լիլի Քուչերեան եւ Ալեքսանտրա Իւանով, գլխաւորութեամբ Կասիա Մահսէրէճեանի, ամիսներ շարունակ տքնաջան աշխատած ու հաւատացած էին յաղթանակի տեսլականին, որուն տիրացան՝ ստանալով անհատական յուշանուէրներ եւ վարժարանին նուիրուած 1000 տոլարի նիւթական պարգեւ մը:
Ապրի՛ք հայ վարժարաններ, նուիրեալ հայ մանկավարժներ եւ պիտանի հայ աշակերտներ:
Յաղթանակդ շնորհաւո՛ր, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. վարժարան:
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)