ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ռու-սիայէն Հայաստան բնական կազի ներածման ծաւալը Յունուար-Մարտին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, աւելցած է 7,7 տոկոսով եւ կազմած 719.1 միլիոն խորանարդ մեթր: «Գազպրոմ Արմէնիա» ընկերութեան տուեալներուն համաձայն՝ այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն հանրապետութեան մէջ սպառած է 674 միլիոն խոնանարդ մեթր կազ, ինչ որ 5 տոկոսով աւելի է 2013 թուականի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն: Նախորդ տարուան Յունուար-Մարտի հետ բաղդատելով՝ 30,5 տոկոսով աւելցած է ուժանիւթի ոլորտին կողմէ կազի սպառման ծաւալները եւ կազմած 212.7 միլիոն խ.մ.:
Ինքնաշարժի վառելանիւթի կայարաններուն կողմէ բնական կազի սպառման քանակը աւելցած է 8 տոկոսով, իսկ այլ սպառողներու կողմէ սպառման ծաւալները՝ 2,7 տոկոսով եւ կազմած, համապատասխանաբար, 105 միլիոն խ.մ. եւ 85.3 մլիլիոն խ.մ:
2013 թուականին Հայաստան ներածուող բնական եւ հեղուկ կազի ծաւալը՝ նախորդ տարուան հետ բաղդատելով, նուազած է 2.86 տոկոսով եւ կազմած 2 միլիառ 333 միլիոն 449 հազար խորանարդ մեթր, որուն 1.92 միլիառ խորանարդ մեթրը՝ Ռուսիայէն։
Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովը 1 խորանարդ մեթր կազին գինը սահմանած է 156 դրամ (մինչեւ 10 հազար խ.մ. սպառում ունեցող բաժանորդներու համար):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.