ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հակառակ ընդդիմադիր կուսակցութեանց քննադատութիւններուն, Թուրքիոյ խորհրդարանը Հինգշաբթի, Ապրիլ 17ին վաւերացուց Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹին, յաւելեալ իրաւասութիւններ շնորհելու օրէնքը։
Վերջերս մեծ աղմուկ բարձրացած էր, երբ ապահովական մարզի պաշտօնեաներ կեցուցած էին եւ քննութեան ենթարկած ՄԻԹի պատկանող բեռնակառք մը, որ զէնքեր կը փոխադրէր Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերուն: Նոր օրէնքը նման «անախորժ» բացայայտումներու առաջքը պիտի առնէ:
Խորհրդարանը նաեւ յաւելեալ իրաւասութիւններ շնորհած է Թուրքիոյ քաղաքացիներու հաղորդակցութիւնները լրտեսելու եւ տեղեկութիւններ եւ փաստաթուղթեր պահանջելու պետական բոլոր հաստատութիւններէն: Նաեւ, նոր օրէնքը կը պահանջէ, որ հանրապետական դատախազները ՄԻԹի գործունէութեան կամ աշխատակիցներուն առնչութեամբ որեւէ մատնութեան պարագային՝ այդ մասին անմիջապէս տեղեալ պահել ՄԻԹի տնօրէնութիւնը, զսպելու համար գաղտնի լուրերու արտահոսքը, իսկ նման լուրերու բացայայտման պարագային՝ մինչեւ 10 տարի բանտարկութիւն կը սահմանուի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.