ՄԵՔՍԻՔՕ ՍԻԹԻ, «Ա. Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 17ին, 87 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց աշխարհահռչակ հեղինակ ու «դիւթական իրապաշտութեան» վարպետ Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզը։
1982ին Նոպէլեան գրականութեան մրցանակին արժանացած Մարքեզը Մարտ 31ին, թոքատապի ախտորոշումով փոխադրուած էր հիւանդանոց. բժիշկներու համաձայն՝ գրագէտի առողջական վիճակին լուրջ սպառնալիք չկար, սակայն ան բաւական տկար էր, նկատի ունենալով անոր յառաջացած տարիքը։ Ան մահացաւ Մեքսիքօ Սիթիի իր բնակարանին մէջ:
Մարքեզ ծնած է 1927ին, Քոլոմպիոյ Արաքաթաքա գիւղը։ Ան երիտասարդութեան լրագրող եղած է ու 1967ին հռչակաւոր դարձած է, երբ լոյսի ընծայուած է «Հարիւրամեայ Առանձնացում» վէպը, որմէ աւելի քան 30 միլիոն օրինակ ծախուած է աշխարհի տարածքին՝ մօտաւորապէս 40 լեզուներու թարգմանուելով: Հարաւային Ամերիկայի ձայնը ամբողջ աշխարհին հասցուցած «Կապօ»ն ամենայայտնի սպանախօս գրողն է։ Մարքեզի մահուան առթիւ, Քոլոմպիոյ մէջ եռօրեայ սուգ հռչակուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.