ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Իթար-Թասս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կարծիքներ փոխանակած են Ռուսիոյ դաշնակցութեան միանալու Խրիմի որոշումին վերաբերեալ: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է թրքական կողմի նախաձեռնութեամբ:
Քրեմլինի մամլոյ սպասարկութիւնը կը նշէ, որ տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում՝ ռուս-թրքական համագործակցութեան շարք մը հարցերու վերաբերեալ: Քննարկուած են նաեւ Խրիմի թաթար համայնքին վերաբերող հարցերը, իսկ Ռուսիոյ նախագահը իր գնահատականը տուած է Ուքրանիոյ ճգնաժամային իրավիճակին մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.