
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալուած լրագրող Ռաուֆ Միրքատիրով հերքած է պետական դաւաճանութեան կապակցութեամբ իր դէմ եղած ամբաստանութիւնը ու մերժած է վկայութիւն տալ քննիչներուն», Երեքշաբթի, Ապրիլ 22ին տեղեկացուցած է անոր պաշտպան փաստաբանը՝ Ֆուատ Ակաեւ:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը կը յայտարարէ, որ լրագրողը համագործակցած է Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ, 2008էն սկսեալ: Իսկ Միրքատիրով յայտնած է, թէ իր հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները քաղաքական դրդապատճառներ ունին:
«Զերքալօ» ատրպէյճանական թերթի լրագրող Ռաուֆ Միրքատիրով ձերբակալուած էր Ապրիլ 18ին, Անգարայի մէջ, ու մէկ օր ետք յանձնուած էր Ատրպէյճանի իշխանութեանց: Ապրիլ 21ին, Պաքուի ատեան մը անոր դէմ երեք ամսուան նախնական կալանքի վճիռ արձակած էր:
«Միրքատիրով հրաժարած է ցուցմունք տալէ, քանի որ իրեն դէմ կատարուած ամբաստանութիւնները անհեթեթութիւն կը համարէ», աւելցուցած է Ակաեւ: «Իսկապէ՛ս, հետաքննութեան պնդումները տրամաբանութենէ դուրս են եւ հիմքեր չունին», համոզուած է Ակաեւ:
Ամբաստանութեան մէջ նշուած է, թէ Միրքատիրով Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ համագործակցած է ու առնուազն երեք տարբեր վայրերու մէջ, 2008-2009 տարիներուն, Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններուն պետական գաղտնիք համարուող ռազմական տեղեկատուութիւններ տրամադրած է: Ան իբր թէ տեղեկութիւններ փոխանցած է Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու տեղակայման վայրերուն մասին:
«Իբրեւ Հայաստանի յատուկ ծառայութիւններու երկու ներկայացուցիչներ, որոնց հետ, ըստ հետաքննութեան՝ համագործակցած է Միրքատիրով, կը նշուին Լաուրա Պաղտասարեանն ու այլ հայաստանցի մը, որուն Միրքատիրով ծանօթ չէր արդէն», նշած է փաստաբանը, որ աւելցուցած է, թէ Պաղտասարեան Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչ մըն է, որուն հետ Ատրպէյճանի խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկը համատեղ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ:
Ակաեւ նաեւ կը հաւատայ, որ լրագրողին ձերբակալութիւնը «քաղաքական առեւտուր»ի արդիւնք է, որովհետեւ անիկա տեղի ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Ատրպէյճան այցելելէն քանի մը օր ետք, եւ որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կոպտօրէն ոտնակոխած են Միրքատիրովի իրաւունքները: Ակաեւ ըսած է, թէ այս քայլը նպաստաւոր է հայերուն, որովհետեւ Միրքատիրով երկար տարիներու ընթացքին «ապացուցած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ Հայաստանի պահանջները անհիմն են»:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկը դատապարտած է Միրքատիրովի հետապնդումը: «Ատրպէյճան պատասխանատու է Եւրոպայի խորհուրդին առջեւ, Ղարաբաղի համակարտութեան խաղաղ կարգաւորման համար: ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները միշտ կոչ կ՛ընեն զօրացնելու «ժողովրդական դիւանագիտութիւնը»: Երբ զինադադարէն 20 տարի անց իշխանութիւններու ջանքերը արդիւնաւէտ չեն եղած խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ, երբ թշնամիի կերպար ստեղծելու աշխատանքներ կը տարուին, քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներու համագործակցութիւնը շատ կարեւոր է», նշած է հիմնարկի տնօրէն Լէյլա Եունուս, աւելցնելով, որ Միրքատիրով միջազգային կազմակերպութեանց աջակցութիւնը վայելող նման համագործակցութեան ծրագիրներուն մասնակից եղած է եւ անոնց մասին վերլուծական յօդուածներ գրած:
Իր կարգին, «Թուրան» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Մեհման Ալիեւ ըսած է, թէ Միրքատիրով 2010ին պարտադրաբար հեռացած էր Ատրպէյճանէն՝ «ճնշումներու պատճառով»: «Ան Ատրպէյճանի իշխանութիւնները քննադատող յօդուածներ գրած է: Վերջերս ան կը քննադատէր Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն դէմ անոնց առած քայլերը: Հաւանական է, որ Էրտողանի եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ իր ունեցած բացասական վերաբերմունքին պատճառով է որ ան կը հալածուի», ըսած է Ալիեւ: