ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ասոնց կողքին սակայն, մեր համայնքին մէջ բարեբախտաբար գոյութիւն ունի գործնական հայրենասիրութեամբ տոգորուած, գաղափարապաշտ բարերարներու, արուեստագէտներու ու գրող մտաւորականներու որոշ խաւ մը, որ չբաւարարուելով բեմերէն հնչող մարտաշունչ ելոյթներով, կը ճգնի, կը տագնապի, հարիւրամեակը իմաստաւորող եւ մեր պահանջատիրութիւնը աշխարհով մէկ տարածող, արուեստի բարձրորակ, մնայուն ու խորհրդանշական գործերով հրապարակ գալ, որպէսզի զառամախտէ տառապող ամէն գոյնի քաղաքական ղեկավարութիւնը ար-թնցնէ երանաւէտ իր թմբիրէն եւ համայն մարդկութիւնը խղճահարութեան մղէ: Իբրեւ Արեւմտեան Ափրիկէի Հայ Դատի երկար տարիներու պատասխանատու եւ հայկական պահանջատիրութիւնը քաղաքական ու մտաւորական շրջանակներու մօտ արծարծած անհատ, կանուխէն նկատած ենք, որ օտարները ընդհանրապէս կը խորշին լալկան ու ողբերգական մօտեցումներէն: Եւ դառն այդ իրողութիւնը իմ քսակէս սորված եմ…
Արդարեւ, երբ դեռ կրակ ու բոց ամուրի տղայ էի, եւրոպացի դիցուհիներու հետ, շաբաթ գիշերները ծովեզերքը՝ հնդկընկուզենիներու նազանքին տակ, շռայլօրէն զարդարուած գիշերային վայրերը պարելու եւ զուարճանալու կ՛երթայինք: Քանի մը բաժակ խմելէ ետք, յուզումս չկարենալով յաղթահարել, այդ գիշերուան բոցիս ականջին սիրատոչոր, ռոմանթիկ խօսքեր շշնջալու փոխարէն՝ մեքենաբար Հայոց Ցեղասպանութեան թեման կ՛արծարծէի եւ այդ մէկը շատ բնական ներքին պահանջով… Այն ատեն դեռ 60ական թուականներն էին, ու Մեծ Եղեռնին յիսնամեակը տակաւին չէինք թեւակոխած…
Յիսուն տարին ակնթարթի նման սահեցաւ եւ արդէն հաստատ քայլերով հարիւրամեակը կը մօտենայ: Պէտք է խոստովանիմ, թէ մէջս սողոսկած վախը, ամէն օր քիչ մը աւելի մարմին ու կերպարանք կ՛առնէ, թէ մեր սովորութեան համաձայն, արդեօք փուճ ու հռետորական ելոյթներով , դարձեալ օզոնը պիտի մաշեցնենք: Սակայն թերահաւատութիւնս յաղթահարելէ ետք, մէջս յաւիտենական լաւատեսը գլուխ կը բարձրացնէ, զիս զգաստութեան հրաւիրելու, թէ հայ ժողովուրդը, փա՛ռք Տիրոջ, միայն բեմերէն ամէն առիթով հռետորութեամբ տարուողներու հաւաքականութիւն մը չէ: Ի դէպ պէտք է շեշտել, թէ տեղին համեմատ հրաշունչ խօսքն ալ կարեւոր իր դերը ունի, հաւաքականութիւնը արթնցնելու ու խանդավառելու առումով: Սակայն միայն գեղեցիկ խօսքի հեղեղումով պիտի չգոհանանք, ատոր կողքին արուեստի ու գրականութեան կոթողային ու խորհրդանշական գործերով հանդէս պիտի գանք, դրոշմելու համար նոր սերունդին էութիւնը, նոյնպէս ալ համաշխարհային հանրային կարծիքը:
Իսկ անոնք, որոնք առանց աղմուկի՝ լուռ ու մունջ կը գործեն, պէտք է քաջալերուին ազգային մեր կառոյցներու կողմէ, որպէսզի անոնց իւրայատուկ ու կոթողական ստեղծագործութիւնները, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը չթեւակոխած հրապարակ ելլեն ու իրենց ահագնութեամբ Ոսոխին սիրտը մխուին:
Որպէսզի մեր շուրջ տիրող յօռետեսութեան չյանձնուինք, ներկայ փորձագրութեամբ պիտի աշխատիմ բարձրաձայնել ու հայ ղեկավարութեան ուշադրութեան յանձնել մեր անմիջական շրջանակէն ներս գործող գրողներու, երաժշտագէտներու, գեղանկարիչներու ու քանդակագործերու եւ մասնաւորապէս՝ շարժապատկերի ծախսալից ճարտարարուեստին մէջ ծառայող տաղանդաւոր մեր տղոց, Մեծ Եղեռնի նուիրուած կոթողային նոր ստեղծագործութիւնները:
Հարիւրամեակը ըստ արժանւոյն նշելու մարտահրաւէրին յաջողութեան մէջ, բոլորս անխտիր, ընելիք ունինք ու մեր նպաստը պիտի բերենք, նիւթական կամ ստեղծագործական մակարդակով, որպէսզի յանձնառու մեր արուեստագէտները քաջալերուին իրենց ապագայ ծրագիրները իրագործելու առաջադրանքին մէջ: Եթէ մեր մամուլն ու քաղաքական-մշակութային կազմակերպութիւնները եւ մասնաւորապէս Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ոգեկոչման միացեալ մարմինը հետաքրքրուած են հարիւրամեակը դրոշմելու կոչուած ստեղծագործութիւններով, կը խնդրուի «Ասպարէզ»ի եւ հայերէն միւս թերթերու սիւնակները լայն բանալ ու քաջալերել, որ մեր արուեստագէտները հրապարակով յայտնեն հարիւրամեակի իրենց ծրագիրները:
Սկսելու համար, «Օսքար»ակիր մանչիս եւ իմ ծրագիրները: Բեմադրիչ ու յատուկ ներգործութեան վարպետ՝ Հրաչ-Ռաճըր Գուբելեան, հայոց քրիստոնէացման ու Վարդանանցի նուիրուած կրաֆիքական երկրորդ հատորը աւարտած է ու հրատարակութեան կը սպասէ: Հայերէն թարգմանութիւններն ալ նոյնպէս հարիւրամեակի առիթով պատրաստ են հրատարակութեան: Ինչպէս առիթով մը նշած էինք, Հոլիվուտի մէջ զգայացունց թեմայով ֆիլմի դիպավէպ մը, նախ կրաֆիգական հատորներով սեփականութիւնը կը դառնայ ֆիլմարուեստի երկրպագուներուն: Ապա, այդ նոյն դիպավէպը, վաւերագրական ժապաւէնի ֆորմաթով համաշխարհային հանդիսատեսներուն ըմբոշխման կը յանձնուի: Եւ միջազգային մրցումներուն ներկայանալով ճանաչում կը գտնէ լայն հասարակութեան մօտ: Եւ եթէ փորձառական այդ շրջանէն ետք արժանի դատուի, հուսկ ուրեմն սպիտակ պաստառ կը հանուի:
Ուրախ ենք յայտնելու, թէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, կրաֆիքական վէպերու հրատարակումէն ետք, հայրենապաշտ ներդրողներու գործակցութեամբ, շուտով պիտի ձեռնարկուի «East of Byzantium» հուժկու վաւերագրականին նկարահանման, որուն մէկ մասը՝ Հայաստանի տարածքին: Եւ որպէսզի նկարահանուող վաւերագրականը աւելի տպաւորիչ ու ցնցիչ դառնայ, ֆիլմարուեստի փայլուն արտադրութիւններուն հետ մրցի, գուցէ աւելորդ ֆինանսաւորման ալ հարկը զգացուի…
Հոլիվուտի գռիհներուն մէջ իր երկար տարիներու գործունէութեան ընթացքին, յաճախ օտար արուեստագէտներու կողմէ մեր տղուն հարց կը տրուի, թէ «հայերը ե՞րբ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունած են». յաճախ երիտասարդ ռեժիսորը նման հարցերու առջեւ կը կանգնի: Այն օտար շրջանակները, որոնք դրական մօտեցում ցոյց կու տան Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, նախ կ՛ուզեն հայ ժողովուրդին ծննդոցին ու հազարամեայ պատմութեան ծանօթանալ, եւ համոզուած ենք, որ նկարահանուող ներկայ վաւերագրականը պիտի գոցէ այդ բացը ու գոհացնէ անոնց հետաքրքրասիրութիւնը: Գալով իմ իրագործած ծրագիրներուս, արդէն գրական քանի մը գործեր գրած եմ հարիւրամեակի որպէս նախերգանք.
Ա.- «Ազգատոհմիս Գողգոթան» խորագիրով հրատարակութեան սպասող Ցեղասպանութեան թեմայով, շարժապատկերի համար գրուած անտիպ վէպ մը, որ Հայաստանի մէջ արձակի մրցանակին արժանացաւ:
Բ.- Վէպին անգլերէն թարգմանութիւնը «Mission to Marash» խորագիրին տակ նոյնպէս պատրաստ է հրատարակութեան: Մանչս, Վարդանանց իր ծրագիրը իրագործելէ ետք Ցեղասպանութեան թեմայով հուժկու շարժապատկերի պիտի վերածէ այդ գործը:
Գ.- Հրատարակութեան պատրաստ ունիմ նաեւ Ճոնաթան Քերրի «Մարաշի Առիւծները» խորագրուած հատորին թարգմանութիւնը, որ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած ականատեսի ցնցիչ վկայութիւններ են, շուրջ 300 էջ:
Դ.- Շուտով կ՛աւարտի «Փասփորթ» արկածախնդրական ու հայրենասիրական վէպին երկրորդ հատորը, որուն պատմութիւնը տեղադրուած է Լիբանան ու Ղարաբաղ:
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Ս. Խաչ Հայց. Առաքելական Մայր Տաճարի
Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Սուրբը,
Հոգեւոր Հովիւը
Հոգաբարձութիւնը,
Երեսփոխանները,
ՏիկնանցՕժանդակ Մարմինը,
Կիրակնօրեայ Վարժարանի
Ուսուսցչական Կազմը
եւ Աշակերտութիւնը
Կ՝ոգեկոչեն
Հայոց Ցեղասպանութիւնը, վերածննդեան պահանջատէրի
ոգիով, եւ յուսալից աչքերով կը նային լուսաշող ապագայի
յաղթ հորիզոններուն: